ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ պատմական ընկերութեան հայկական բաժինի նախագահ Քեմալ Չիչեք, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին յայտարարած է, որ Թուրքիա որեւէ պաշտօնական թէզ չունի Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան՝ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ, կրօնական հարցերով Թուրք-իսլամական միութեան կեդրոնին կազմակերպած հանդիպման ընթացքին Չիչեք ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ Թուրքիոյ պաշտօնական թէզը կազմուած է միայն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելու կէտէն, «ինչ որ, սակայն, բովանդակային առումով դատարկ է»:
«Ցաւօք, Թուրքիա այդ հարցով պաշտօնական թէզ չունի: Թուրքիա պէտք է պատմական փաստաթուղթերու հիման վրայ մշակուած պաշտօնական թէզ ձեւաւորէ եւ զայն օտար լեզուներով ներկայացնէ համաշխարհային հանրութեան»:
Ան գերմանաբնակ հայրենակիցներու լսարանին ներկայացուցած է Ցեղասպանութիւնը ուրացող իր հերթական յօրինուածքը, որ գերմաներէնով հրատարակուած գիրք մըն է: Ան նշած է, որ «հայկական տեսակէտները չէզոքացնելու համար», թրքական կողմը պէտք է աւելցնէ Ցեղասպանութիւնը ուրացող օտար լեզուներով հրատարակումներուն թիւը:
http://asbarez.com/arm/129223/
Leave a Reply