Թուրքիոյ «Մարդու իրաւոնքներու ընկերակցութեան» Պոլսոյ գրասենեակը, «Ռասիզմի եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը», «Ռասիզմի եւ ազգայնականութեան դէմ կանգ առ» շարժումը այսօր կը ներկայացնեն մամլոյ յայտարարութիւն, ապա կը ներկայանան Պոլսոյ Գլխաւոր դատարան եւ ներքին գործոց նախարարին ու «Խոճալու»ի հանրահաւաքի կազմակերպչական յայնձնաժողովին դէմ կը ներկայացնեն յանձագործութեան բողոք: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայթերթ»:
Անոնք իրենց յայտարարութեան մէջ կ’ըսեն, որ «26 Փետրուար 2012ին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ՝ արտաքին գործոց նախարարի մասնակցութեամբ՝ «Խոջալուի կոտորածներ»ու յիշատակին պատճառաբանութեամբ՝ զանգուծաները յանցագործութեան խրախուսուած են. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պոռնկորդիներ էք», «հայեր էք, զաւթիչներ էք, մարդասպաններ էք» կարգախօսներով պաստառներ բռնած՝ բազմութիւնը Հրանդ Տինքի ոճրագործներուն կողմ արտայատութիւններով եւ յարձակողական կարգախօսներով՝ ուզած է քալել «Ակօս»ի խմբագրատան ուղղութեամբ: Թաքսիմի մէջ հաւաքուածները՝ ներքին գործոց նախարարին հովանաւորութեամբ՝ յանձացործութիւն ըրած են»:
http://tert.am/hy/news/2012/02/28/haytert/
Leave a Reply