Նոյն թուրքը տարբեր մօտեցումներով կը փորձէ հետապնդել նոյն քաղաքականութիւնը. Արամ Ա

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին Նախաձեռնութեամբ երէկ առտուն Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան եւ եկեղեցական արարողութիւններ ու պաշտամունքներ` ի յիշատակ Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին Նախագահութեամբ, երէկ` Կիրակի, 26 Փետրուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Սումկայիթի զոհերուն յիշատակին:

Այնուհետեւ վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան նկատել տուաւ, որ 24 տարի առաջ` 1988ին, Արցախի ժողովուրդը իր ձայնը բարձրացուց սեփական իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ ազատութեան պաշտպանութեան համար` աւելցնելով, որ այդ ժամանակ ժողովուրդը ականատես եղաւ վայրագութիւններու եւ կոտորածներու ամէնէն դաժան երեւոյթներուն եւ տեղահանման քաղաքականութեան: Դեսպան Քոչարեան պատմական ակնարկ մը նետեց Փետրուարէն մինչեւ մայիս 1988 տեւած վայրագ դէպքերուն, որոնք հայերուն նկատմամբ իրագործուեցան ազրպէյճանցիներուն կողմէ: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Քոչարեան հաստատեց, որ ներկայիս Արցախի ժողովուրդը միշտ պատրաստ է պաշտպանելու իր եկեղեցիներն ու արժէքները, եւ հակառակ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` երկրին մէջ հետզհետէ աւելի կը զարգանան մշակոյթը եւ տնտեսութիւնը:

Արամ Ա կաթողիկոս, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելով, նկատել տուաւ, որ անցնող օրերուն Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» նիւթով միջազգային համագումարին ընթացքին քննարկումներու ճամբով բոլոր ներկաները կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ 1915-ին տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ այս երեւոյթին շօշափելի արտայայտութիւնն է 24 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած ջարդը հայ ժողովուրդին դէմ` նոյն ցեղասպան թուրքին եղբայր ազրպէյճանցիին կողմէ:

«Սումկայիթի ջարդը պարագայական երեւոյթ մը չէ», – հաստատեց վեհափառը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ այն գիտակցութիւնն ու հասկացողութիւնը, որ օսմանեան Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը: Ան շեշտեց, որ ժողովուրդը պէտք է միշտ յիշէ Սումգայիթի ջարդին զոհերը եւ իր ինքնագիտակցութեան մէջ արմատացնէ, թէ նոյն թուրքը տարբեր մօտեցումներով կը փորձէ հետապնդել նոյն քաղաքականութիւնը: «Բոլոր հայերը այսօր միասնաբար պահանջատէր են, եւ այս պահանջատիրութեան գիտակցութիւնը աւելի եւս պէտք է արմատանայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ», շեշտեց վեհափառը` յորդորելով ներկաները, որ չմոռնան անցեալը եւ ապրին անցեալը ներկային մէջ:

http://tert.am/hy/news/2012/02/27/sumgayit/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ