Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը մէկ տարուան մէջ մէկ միլիոնի օժանդակութիւն ըրաւ մեր համայնքային մարմիններու

Շահինկէօզ Եւ Գործակից Ընկփերները Բացատրութիւններ Տուին Տարեկան Պիւտճէի Մասին

Օրթագիւղի մէջ «Լոթուս» ծրագրով կառուցուած շէնքերու ու առեւտրական ու մարզական համալիրի մէկ մասը

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի, երէկ Խմբագրատուն այցելեցին մեզի բացատրութիւններ տալու համար իրենց տարեկան պիւտճէէն ու զանազան իրագործումներէն։

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը աւանդութիւն կ՚ուզէ դարձնել տարեկան այս այցելութիւնը, որպէսզի մամուլի միջոցաւ մեր հանրութիւնը տեղեակ պահէ թաղին մէջ կատարուած գործերէն, ինչպէս նաեւ Օրթագիւղի տարեկան պիւտճէի կացութենէն։ Ասիկա գովելի կեցուածք է։

Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզին կ՛ընկերանային Թաղային Խորհուրդէն Յարութիւն Գույումճեան, Արսէն Էրօլ, Խաչիկ Կէօքճէօղլու, Մելքոն Սահակօղլու։ Կը բացակայէին Ատիս Տէղիրմէնճիօղլու եւ Արէտ Գոռեան։

Իսքէնտէր Շահինկէօզ, իր ընկերներուն անունով խօսելով լայն բացատրութիւններ տուաւ Օրթագիւղի մէջ կառուցուած շէնքերու ու առեւտրական ու մարզական համալիրի խանութներուն մասին, որ, ինչպէս գիտենք, կոչուած է “Լոթուս Ծրագիր”։ Լոթուս Ծրագիրը տակաւին հարիւր տոկոս չէ ամբողջացած, որովհետեւ 78 յարկաբաժիններու վրայ տակաւին պարապ են 13 յարկաբաժիններ։ Մարզական համալիրի շէնքին մէջ գրեթէ պարապ խանութ չկայ, բոլորն ալ վարձուած են ու կը գործեն։ Բայց յարկաբաժիններու բաժնին մէջ միշտ եկողներ կան, նաեւ գացողներ, ուստի շատ ալ անբնական պէտք չէ նկատուի որ 78 յարկաբաժիններու վրայ քանի մը յարկեր պարապ մնացած ըլլան։

Իսքէնտէր Շահինկէօզ դիտել տուաւ որ կարծուածին չափ ալ դիւրին ու հանգիստ զբաղում չէ գլուխ ելլել Լոթուս Թաղամասի յարկաբաժինները վարձելու, վարձակալներու հետ զբաղելու ու յարկաբաժիններու վերաբերեալ խնդիրները քննելու ու վնասուած մասերուն նորոգութիւնը ապահովելու գործով։ Թաղականութիւնը մեծ ճիգ կը վատնէ այս նպատակով ու մեծ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ յարկաբաժիններու բարւոք գործածութեան համար։

Նախապէս Թաղային Խորհուրդը խոստացած էր տարեկան 500 հազարի օժանդակութիւն մը բերել համայնքային միւս հաստատութիւններու կարիքներուն համար, բայց վերջին տարուան պիւտճէին համաձայն այս յատկացումները բռնեցին 900 հազար [թրքական ոսկի. մէկ թրքական ոսկին համարժէք է շուրջ 0.56 ամերիկեան տոլարի] ։ Այսպիսի պատկառելի գումարով մը Օրթագիւղ իր նպաստը բերած եղաւ մեր միւս հաստատութիւններու կարիքներուն։ Այս գումարին վրայ պէտք է աւելցնել ՎԱՏԻՓի կողմէ նախատեսուած կրթական յայտագրին յատկացուած 135 հազարի յատկացում մըն ալ, որ կը տրամադրուի դպրոցներու տարրական դասարաններուն համար դասարանի ուսուցիչ հասցնելու նպատակին։

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը իր պիւտճէին մէջ միշտ ունի նաեւ ուսուցիչներու ու այլ պաշտօնեաներու աշխատանքային հատուցման գումարները, որպէսզի երբ մէկուն պաշտօնը վերջանայ, արդէն պատրաստ ըլլայ անոր վճարելի հատուցման գումարը։ Այս նպատակով ցարդ կը պահուի 440 հազարի գումար մը։

Պիւտճէին մէջ կը տեսնուի նաեւ վարձակալներէն գանձուած “տէփոզիթ”ները, որոնք իրականութեան մէջ Թաղային Խորհուրդին չեն պատկանիր, ու պիտի վերադարձուին վարձակալներուն, եթէ անոնք պարպեն յարկաբաժինները։

Թաղային Խորհուրդը թափանցիկ աշխատանք կը տանի ու բոլոր գործողութիւնները հիմնուած են փաստաթուղթերու ու հաշուեցուցակներու վրայ։

Ինչպէս յայտնի է, միջոցէ մը ի վեր նորոգութեան ծանր աշխատանք կը տարուի Եկեղեցիին մէջ։ Այս խնդիրն ալ շատ կը զբաղեցնէ Թաղային Խորհուրդը, բացի անկէ որ խոշոր ծախս մը կը նախատեսուի այդ նորոգութեան համար։ 10 ամիսէ ի վեր նորոգութեան համար ծախսուեցաւ 650 հազար լիրա։ Շատ դժուար աշխատանք մըն է այս քանի որ եկեղեցին իսկապէս շատ հինցած էր այլեւս, ուր որ դպէիր, ծակ կը բացուէր, բան մը վար կուգար։

Թաղականները դիտել տուին որ շատ աւելի դիւրին ու խնայողական կ՚ըլլար եթէ փլցուէր ու վերստին կառուցուէր, բայց անշուշտ որ այդպիսի բան մը կարելի չէ ու եկեղեցին պիտի նորոգուի ըստ իր բնօրինակին ու իր պատմական պատկերին։ Կը կարծուի որ նորոգութիւնը դեռ կը տեւէ քանի մը ամիս, ամառն ալ կ՚անցնի ու աշնան եկեղեցին կը վերաբացուի պաշտամունքի։

Կայ նաեւ Թարգմանչաց Վարժարանը, թաղին հպարտութիւնը, որ յաջողապէս կը գործէ հիմնադիր Հայկ Ասլանեանի ու Թաղային Խորհուրդի անդամներու, նաեւ տնօրէնուհի Մառի Նալճըի ու ուսուցչական կազմի հոգածութեամբ։ Բացի թրքերէնի ուսուցիչներէն, 32 ուսուցիչներ կը գործեն վարժարանին մէջ, 143 աշակերտներ ուսում կը ստանան, կ՚ապահովուի աշակերտներուն փոխադրութիւնը, նաեւ կէսօրուան ճաշը։

Մեր Խմբագրապետը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը, որ հրաշքի համազօր գործ տեսաւ իրագործելով Լոթուս ծրագիրը եւ իր կարելիութիւններէն լայն բաժին հանեց այլ հիմնարկութիւններու։ Օրթագիւղը հիմա պէտք է իբր օրինակ ծառայէ միւս հաստատութիւններուն համար ալ։ Մեր Խմբագրապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թաղային Խորհուրդին նաեւ անոր համար որ Խորհուրդը սիրով ստանձնած էր Մարմարա-ի յոբելեանին նուիրուած “Դարէ դար Աղթամար” օրաթորիոյին մեկենասութիւնը։

Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի տարեկան պիւտճէն այսօր հրատարակուած է մեր Դ. էջին վրայ։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
22 Փետրուար 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ