Պարթոլոմէոս պատրիարք խորհրդարանի մէջ սահմանադրական յանձնախումբին պարզեց իր տեսակէտները

“Անցեալի Մէջ Անարդարութիւններ Կատարուեցան, Բայց Հիմա Նոր Թուրքիա Մը Ծնունդ Կ՚առնէ”, Ըսաւ Յունաց Պատրիարքը


Երէկ Խորհրդարանի պատմութեասն մէջ առաջին անգամ ըլլալով հիւրասիրուեցաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ մը յանձին Յունաց Պարթոլոմէոս Պատրիարքին, որ Խորհրդարան հրաւիրուած էր իր կարծիքները յայտնելու համար նոր Սահմանադրութեան համար կազմուած յանձնախումբի անդամներուն։ Մամուլը իրաւամբ կ՚ընդգծէ թէ ցարդ փոքրամասնութիւնները այս կերպով երբեք հրաւիրուած չէին Խորհրդարանէ ներս, այսքան լուրջ ու կարեւոր ունկնդրութեան մը համար։ Պարթոլոմէոս Պատրիարքն ալ շատ գոհ էր այս հրաւէրէն ու երէկ ըսաւ որ ինք շատ կարեւոր կը նկատէ այս հրաւէրը, որովհետեւ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ այսպիսի պաշտօնական հրաւէր մը կ՚ուղղուի փոքրամասնութիւններուն։ Հիմա նոր ուրախացուցիչ զարգացումներ կան եւ նոր Թուրքիա մըն է որ ծնունդ կ՚առնէ։ Պարթոլոմէոս Սրբազան յայտնեց նաեւ թէ ինք փոքրամասնութիւններու փափաքները հաղորդած է Յանձնախումբի անդամներուն։ Կարճ խօսքով, փոքրամասնութիւնները կ՚ուզեն վայելել հաւասարութիւն, չեն ուզեր ապրիլ խտրականութիւն։

Յունաց Պատրիարքը մօտաւորապէս մէկուկէս ժամուան ընթացքին նոր Սահմանադրութեան մասին իր տեսակէտները պարզեց։ Մամլոյ ներկայացուցիչները չէին ընդունուած այս խորհրդակցութեան։ Մէկուկէս ժամուան տեսակցութենէն վերջ Պատրիարքը յայտարարութիւն ըրաւ մամուլին եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս հրաւէրին համար։ Ըսաւ որ գնահատելի է որ նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան ընթացքին խօսք կը տրուի նաեւ փոքրամասնութիւններուն։ “Մենք կ՚ուզենք որ նոր Սահմանադրութիւնը ըլլայ մեր բոլորին Սահմանադրութիւնը։ Մենք երկրորդ կարգի հայրենակից նկատուիլ չենք ուզեր, դժբախտաբար մինչեւ այսօր անիրաւութիւններ գործուեցան փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Այս բոլորը կամաց կամաց կը սրբագրուի եւ նոր Թուրքիա մը ծնունդ կ՚առնէ։ Մենք արդէն երբեք չկորսնցուցինք մեր յոյսը։ Սա պահուն շատ գոհ ենք։ Վստահ եմ որ մեր տեսակէտները նկատի պիտի առնուին։ Որովհետեւ մենք, որպէս Թուրքիոյ հայրենակից, մեր իրաւունքներէն աւելի բան չենք ուզեր։ Խտրականութիւն չենք ուզեր, հաւասարութիւն կ՚ուզենք։ Մենք այս երկրին մէջ ծնած ու մեծցած ենք, մեր տուրքերը կը վճարենք, զինուորական ծառայութիւն կը մատուցանենք, քուէ կը գործածենք։ Այս պատճառաւ խնդրեցինք որ այլեւս չկրկնուին այն անիրաւութիւնները որոնք մեզի նկատմամբ գործուեցան։ Խնդրեցինք որ այս բոլորը ապահովութեան տակ առնուին նոր Սահմանադրական Օրէնքին մէջ։ Վստահ ենք որ այդպէս պիտի ըլլայ”։

Թէ ինչեր ուզեր է Պարթոլոմէոս Սրբազան, այդ մասին ալ սապէս խօսեցաւ ան։ Հաւասարութիւն ուզեցին, ուզեցին որ Դպրեվանքը բացուի, կրօնքի ու խղճմտանքի ազատութիւն ուզեցին, ուզեցին որ կրօնական ազատութեան մարզէն ներս Պետութիւնն ալ օգնէ, մինչեւ այսօր Պետութիւնը եկեղեցիներուն որեւէ օժանդակութիւն չըրաւ, եթէ հաւասարութեան մասին կը խօսուի, Պետութիւնը պէտք է օգնէ նաեւ եկեղեցիներուն։ Յանձնախումբին յանձնուեցաւ փոքրամասնութիւններու կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը 18 էջ տարողութեամբ։ Կրօնաւորներուն համար ալ ամսաթոշակ պահանջուեցաւ։

Ասորիներն ալ ընդունուեցան խորհրդարանէն ներս

Երէկ Խորհրդարանի մէջ Ասորիներու ներկայացուցիչ պատուիրակութիւնն ալ ունկնդրուեցաւ նոր Սահմանադրութեան կապակցութեամբ։ Անգարա հրաւիրուած էր Մօր Կապրիէլ Հիմնարկի նախագահ Գարեաքոս Էրկիւնի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը։ Գարեաքոս եւս խօսեցաւ Պարթոլոմէոս Սրբազանին նման, ըսաւ որ ասիկա պատմական օր մըն է իրենց համար։ Ասորիներու հանդիպումը Խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ տեւեց 40 վայրկեան։ “Մենք աւելի քան 6000 տարիէ ի վեր հոս կ՚ապրինք, մենք հոս հիւր չենք, մենք հոս կը ներկայացնենք աշխարհի բոլոր Ասորիները”, ըսաւ Ասորիներու բանբերը։

Ասորիները մինչեւ այսօր ընդունուած չեն որպէս փոքրամասնութիւն եւ անոնք երէկ Անգարայի մէջ պահանջեցին որ իրենք եւս, Հրեաներու, Հայերու ու Յոյներու նման ընդունուին որպէս փոքրամասնութիւն։

(ՄԱՐՄԱՐԱ- Այս վերջին պարագան կը կարծենք որ հրահանգիչ պէտք է ըլլայ փոքրամասնութեան պատկանող այն անձերուն համար, որոնք յաճախ կը գանգատին փոքրամասնութիւն կոչուելէ։ Ահա թէ ուրիշներն ալ պայքար կը մղեն որպէսզի փոքրամասնութիւն կոչուին)։

Երբ լրագրողներ հարցուցին թէ դասագիրքերու մէջ Ասորիներու դէմ գրուածներուն կապակցութեամբ որեւէ դիմում ըրի՞ն յանձնախումբին, Գարեաքոս պատասխանեց որ ըրին, արդէն աւելի առաջ այդ մասին գանգատ ներկայացուցած էին Կրթական Նախարարութիւն։ Գարեաքոս աւելցուց որ պահանջեցին որ Ասորիներն ալ կարենան պաշտօններ ստանձնել պետական մակարդակներու վրայ։

Հայոց պատրիարքարանը հրաւիրուած չէ՞

Երբ Անգարա հրաւիրուած է Յունաց Պատրիարքը, մտքերու մէջ հարցում կը ծագի այն մասին թէ Հայոց Պատրիարքարանն ու Հրէից Խախամապետութիւնը հրաւիրուած չէի՞ն Անգարա։

Մեր ստացած տեղեկութեանց համաձայն, ցարդ որեւէ հրաւէր հասած չէ Հայոց Պատրիարքարան, բայց հոս ու հոն կը խօսուի այն մասին թէ Հայոց Պատրիարքարանն ալ պիտի հրաւիրուի։ Իսկ Հրեաները արդէն գրաւոր կերպով իրենց ակնկալութիւնները հաղորդած են Անգարա։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»
21 Փետրուար 2012

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ