«Մեծ մայրիկիս դաջուածքները» պիտի ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ

Սթամպուլի «Filmmor» կանանց միջազգային շարժանկարի փառատօնին պիտի ցուցադրուի նաեւ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մայրիկիս դաջուածքները» շարժանկարը: Այս մասին կը տեղեկացնէ փառատօնի պաշտօնական կայքը։

Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սթամպուլի մէջ 9-19 Մարտին, որմէ ետք պիտի շարունակուի Վանի, Հաքքիարիի եւ Չանաքալէի մէջ: Այս իրադարձութեան պիտի մասնակցին աւելի քան 20 երկիրներ՝ ներկայացնելով 70է աւելի շարժանկարներ։ Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն հիւրեր, տեղի պիտի ունենան լայնատարած ցուցադրութիւններ, քննարկումներ, համաժողովներ եւ սեմինարներ: Նոյն ծիրէն ներս պիտի նշուի նաեւ փառատօնին 10 ամեակը:

«Մեծ մայրիկիս դաջուածքները» շարժանկարի բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք թէեւ փառատօնին մասնակցելու հրաւէր ստացած է, սակայն ներկայ պիտի չգտնուի՝ իր բազմազբաղութեան պատճառով։ Ան յոյս յայտնեց, որ շարժանկարի ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ ճնշումներու պիտի չենթարկուի։

«Մեծ մայրիկիս Դաջուածքները» շարժանկարի ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15-ին եւ 16-ին, Սթամպուլի Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Շարժանկարի ծանուցման մէջ գրուած է. «Մեծ մայրս քիչ մը տարօրինակ էր, ոչ մէկը զինք չէր սիրեր, ան երբեք չէր գրկեր: Ձեռքին եւ երեսին վրայի կապոյտ դաջուածքները սարսափազդու էին: Սատանայական նշաններու նմանող այս դաջուածքները վախ կ’արթնցնէին: Մեծ մայրիկիս սխալը ի՞նչ էր, ինչո՞ւ ան այդքան տարօրինակ էր: Դաջուածքները ո՞վ ըրած էր, բայց այդ հարցերը հարցնելը սխալ էր: Մեծ մայրիկին մասին խօսիլը արգիլուած էր»:

Նշենք, որ վերջերս «Մեծ մայրիկիս դաջուածքները» շարժանկարը ցուցադրուեցաւ Շուէտի պետական հեռուստատեսութեամբ, ուր տեղի թրքական համայնքը մեծ հակազդեցութիւն ցուցաբերեց: Թուրքերը հազարաւոր բողոքի նամակներ ուղարկեցին Շուէտի հեռուստաընկերութեան:

 http://tert.am/hy/news/2012/02/22/suzan-khardalian/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ