Խորհրդակցական հանդիպում նոր սահմանադրութեան մասին


Պետութեան կողմէ պատրաստուող նորսահմանադրութեան համար, երկրիոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւորպետերն ու ներկայացուցիչները 18 Փետրուար2012, Շաբաթ, ժամը 09.30-ին ի միհաւաքուեցան Յունաց Պատրիարքարանի մէջ։

Հաւաքին ու Յոյն համայնքիպատգամաւորութեան գլխաւորեց ՅունացՆ.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. ԾայրագոյնՊատրիարքը։ Հայ համայնքը կը ներկայացնէրՊատրիարքական Ընդհանուր ՓոխանորդԲարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ ՅանունԱսորի Ուղղափառ համայնքի կը մասնակցէրՊատրիարքական Փոխանորդ Մոր ՖիլիւքսինոսՄետրոպոլիտը, իսկ Ասորի Կաթոլիկ համայնքըկը ներկայացուէր Պատրիարքական ՓոխանորդՄոնս. Եուսուֆ Սաղ Քորեպիսկոպոսին կողմէ։Ներկայ էին նաեւ իրաւաբան Տոց. Տքթ. ԷմրէԷօքթէմ, Յունաց Պատրիարքութեանիրաւաբանը։

Ժողովի ընթացքին վերջնական քննութեանենթարկուեցաւ սահմանադրութեան մասիննախապէս մշակուած նախագիծը, որ, ըստնախորդ ժողովներու որոշման, յանձնախումբըպիտի ներկայացնէր Թուրքիոյ Ազգային ՄեծԺողովի պատկան յանձնախումբին։ Այսակնկալութեամբ կը սպասուէր նաեւ պետականհրաւէրը, որ պիտի ուղղուէր կրօնապետներուն՝անհատապէս լսելու նաեւ անոնցտեսակէտները։

Սակայն, մամլոյ միջոցաւ տեղեակ դարձանք, որՅունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. ԾայրագոյնՊատրիարքը 20 Փետրուար 2012, ԵրկուշաբթիԱնգարա մեկնելով թէ տեսակցութիւն մըունեցած է եւ թէ նախագիծը յանձնած՝պատկան յանձնախումբին։

Այս եղելութեանց լոյսին տակ,Պատրիարքական Աթոռոյսհովանաւորութեամբ կը շարունակուինսահմանադրական աշխատանքները եւ կընախատեսուի Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովիպատկան յանձնախումբին ներկայացնելսահմանադրութեան մասին նախագիծ մը ըստմեր համայնքային տեսակէտներուն ուկարիքներուն՝ օգտագործելով նաեւ նախապէսպատրաստուած նախագիծը։

22 Փետրուար 2012
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ