ԱԹԷՆՔ, «Արմէնփրէս».- Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Թուրքիա իր հողերուն վրայ գտնուող յունական եւ քրիստոնէական յուշարձանները պատշաճ կերպով չի պահպաներ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիա լաւապէս չի պահպաներ յատկապէս Պոլսոյ Չաթալճայ շրջանին մէջ գտնուող բիւզանդական գերեզմանոցը, որ, հակառակ յունական կողմի բազմաթիւ զգուշացումներուն, կը շարունակուի թալանուիլ:
Նաեւ կը նշուի, որ Պոլսոյ Սուլթանահմետ շրջանին մէջ բիւզանդական պալատի մը մնացորդներուն վրայ հիւրանոց մը կառուցելու որոշումը զայրոյթ յառաջացուցած է յոյներու մօտ:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը մատնանշուի, թէ Յունաստանի մէջ կան կասկածներ, թէ Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը կրնայ կրկին մզկիթի վերածուիլ եւ կը շեշտուի, թէ պատմական յուշարձանները պահպանելու մասին միջազգային համաձայնագիրներ ստորագրած Թուրքիան պէտք է պատշաճ կերպով պահպանէ ազգային եւ միջազգային խորհրդանիշ հանդիսացող յուշարձանները:
Աւարտին, կոչ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ անյապաղ անհրաժեշտ միջոցառումներու դիմեն, յունական եւ քրիստոնէական պատմական յուշարձանները պահպանելու ուղղութեամբ:
http://asbarez.com/arm/123370/
Leave a Reply