Մալաթիոյ «Զիրվէ» հրատարակչատան դատավարութիւնը վարող դատախազը Փետրուար 21-ին պահանջեց Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի ցուցմունքը՝ իբրեւ «կասկածեալ»։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը:
Մալաթիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն կը վարէ «Զիրվէ»ի հրատարակչատան սպանութիւններուն եւ Տինքի սպանութեան միջեւ կապ ըլլալու հաւանականութեան մասին: Դատախազութիւնը նամակ ուղարկած է «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը վարող Սթամպուլի 14-րդ քրէական դատարան:
«Կը խնդրենք, որ կասկածեալ Օկիւն Սամասթի ցուցմունքը եւ մեղադրական եզրակացութեան մասին գործը ուղարարկէք մեզի»,- գրուած է Մալաթիոյ դատախազութեան նամակին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 18 Ապրիլ 2007-ին Մալաթիոյ մէջ քրիստոնէական գրականութիւն հրատարակող «Զիրվէ» հրատարակչատուն ներխուժած էին թուրք ծայրայեղ իսլամ հինգ երիտասարդներ եւ դաժանօրէն սպաննած հրատարակչատան աշխատակիցներ` Գերմանիոյ քաղաքացի Թիլման Էքհարթ Կեսկէն եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Նեճաթի Այտընն ու Ուղուր Եուքսելը:
Leave a Reply