Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ իրենց մայրենի լեզուին համար պայքարող բոլոր փոքրամասնութիւնները ընդհանուր «Մայրենի լեզուով կրթութեան իրաւունք» վերնագիրով հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Էվրէնսէլ» կայքը:
Յաղորդագութեան մէջ կ’ըսուի, թէ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող վեց հազար լեզուներէն միայն 300ը պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ ունի, բազմաթիւ լեզուներ եւ մշակոյթներ ոչնչացման եզրին կը գտնուին: Թուրքիոյ մէջ պաշտօնակն լեզուէն բացի՝ 34 լեզու կը խօսուի: Այդ լեզուներէն 18ը ոչնչացման վտանգին առջեւ կը գտնուին:
Յաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ վերջին քառորդ դարուն վտանգուած լեզուներու շարքին են՝ Ուպիխերէն (հին Կովկասեան լեզու), կապատովկիոյ յունարէնը, համշէներէնը, որոնք UNESCO-ի կողմէ յայտարարուած են անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու շարքին կը գտնուին: Քիւրտերը, լազերը, համշէնցիները, վրացիները, ատիկեցիները 21 Փետրուարի Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով մէկ անգամ եւս իրենց մայրենի լեզուն ազատ ձեւով եւ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ ազատօրէն օգտագործելու իրաւունք կ’ուզեն:
Թերթը կը նշէ, որ լազ Փընար Պայրաքտար իր մայրենի լազերէն լեզուն սորված է դասընթացի երթալով: Ան յայտնած է, թէ քաղաքական միջավայր չկայ՝ մայրենի լազերէն լեզուն եկող սերունդներուն փոխանցելու համար: Լեզու մը դասաւոնդուելու համար գրաւոր աղբիւրներու կարիք ունի, նշած է Պայրաքտար եւ աւելցուցած, թէ լազերէն լեզուն սորվեցնելու համար գրաւոր աղբիւրներ կ’ուսումնասիրէ: «Մայրենի լեզուով կրթութիւնը մարդու ամէնէն բնական իրաւունքն է: Նոր սահմանադրութիւնը կրնայ հնարաւորութիւն մը տալ՝ մայրենի լեզուն հանրային ոլորտին մէջ մատչելի դարձնելու համար», ըսած է ան:
Համշէնի մշակոյթի հետազօտութեան եւ գոյատեւման ընկերակցութեան (HADİG) խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ուզունքայա համշենէրէն սորված է միջնակարգ կրթութենէն ետք միայն: Իրենց գիւղին մէջ երեխաները թրքերէնին լաւ չտիրապետելու պատճառով, անոնց արգիլած են համշէներէն խօսիլ: Ան իր մայրենի լեզուն բացայատելէն ետք, այդ ուղղութեամբ կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ, որուն համար ալ հիմնած են HADİG կեդրոնը՝ մայրենի լեզուն չկորսնցնելու համար: «Մեր մայրենի լեզուն ինչպէս պիտի սորվեցնենք մեր զաւակներուն: Լեզու մը յաջորդ սերունդին փոխանցելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը՝ առօրեայ կեանքին մէջ գործածելն է եւ անոր համար պէտք է գրաւոր աղբիւրներ գոյութիւն ունենան,-ըսած է ան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Փետրուար 21ին՝ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով, Տիարպերքիրի Սուր շրջանին մէջ «Ահմէտի Խան» անուան լեզուի ուսուցման կեդրոն պիտի բացուի: Բացումէն ետք, քրտերէնը կրթութեան լեզու ըլլալու դիմումնագիրը երթով պիտի ներկայացուի Տիարպեքիրի կրթութեան տնօրէնութեան:
http://tert.am/hy/news/2012/02/21/turk-small/
Leave a Reply