Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը օրեր առաջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն կը մասնակցէին Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հրապարակած հաղորդագրութենէն։
Հայկ Դեմոյեան Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` մասնակցելու համար «Ճանաչումէն` հատուցում» թեմայով Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային գիտաժողովին:
Աշխատանքային նիստի օրակարգին մաս կը կազմէին 100 ամեակին ընդառաջ Լիբանանի մէջ կազմակերպուող եւ ծրագրուած աշխատանքները, 100 ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի աշխատանքային ուղղութիւնները եւ կեդրոնական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մարմինին յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին համատեղ իրականանալիք աշխատանքները:
Այս առումով նկատի առնուած են Հայաստանի արուեստի խումբերու մասնակցութեամբ համերգներու, խորհրդաժողովներու, շրջուն ցուցահանդէսներու եւ օտար թէ հայ հասարակութիւններուն ուղղուած տարբեր ձեռնարկներու ծրագիրներ:
Ժողովը ճշդեց նաեւ Կեդրոնական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մարմինին միջեւ մնայուն աշխատանքի համակարգումի եղանակները,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
http://tert.am/hy/news/2012/02/21/genocide-lebanon/
Leave a Reply