Մէկ տարուան աշխատանքէ ու պատրաստութենէ ետք վերջապէս հիմնուեցաւ ու վաւերացուեցաւ “Իսմայիլ Պէշիքճիի անուան վագըֆ”ը։ Նորահաստատ վագըֆի ծանօթացման առաջին հաւաքոյթը կատարուեցաւ Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ, անցեալ օր ալ Թաքսիմի Հիլ պանդոկին մէջ կատարուեցաւ ծանօթացման երկրորդ հաւաքոյթը։ Ներկաներուն միջեւ կար ինքն ալ, Իսմայիլ Պէշիքճի, որ քրտական հարցի ու մարդու իրաւունքներու նուիրուած գաղափարապաշտ, բայց երկրի իշխանութիւններու կողմէ պախարակուած, բանտարկութեան դատապարտուած մտաւորական մըն է։
Վագըֆը իր կազմին մէջ պիտի ունենայ Պէշիքճիի գրադարանին տասնակ հազարաւոր գիրքերը, որոնք պիտի տրամադրուին ուսումնասէր մտաւորականներու աշխատանքին։ Վագըֆին նպատակը պիտի ըլլայ այս մտաւորական յառաջապահ մարդուն անունը ապրեցնել ապագայ սերունդներու մօտ ալ։
Ծանօթացման ժողովի ընթացքին բազմաթիւ ատենախօսներ խօսեցան Վագըֆին ծրագիրներուն ու Պէշիքճիին անձին ու կատարած գործին մասին։ Այնուհետեւ խօսք տրուեցաւ իրեն։
Իսմայիլ Պէշիքճի ծափահարութիւններու մէջ խօսք առաւ ու ըսաւ որ Օսմանեան Կայսրութեան վերջին շրջաննրուն Իթթիհատականներու կուսակցութիւնը Օսմանցիներէն ուզեց ստեղծել Թրքական կայսրութիւն մը։ Եւ այս նպատակով ալ կատարուեցան գործողութիւններ։ Գործողութիւններուն նպատակն էր ստեղծել միակ լեզուի, միակ կրօնքի ու միակ ցեղի վրայ հիմնուած հաւաքականութիւն մը, ուստի այս շրջագծով իրականացաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, յոյներն ու միւս փոքրամասնութիւններն ալ հայերու նման աքսորի ենթարկուեցան։ Այս պարտադիր գաղթերն են որ հիմը կազմեցին Թուրքիոյ այսօրուան քաղքենիութեան, այս քաղքենիութիւնը հիմնուած է հայերէ եւ միւս ժողովուրդներէն բռնագրաւուած ապրանքներուն ու հարստութիւններուն վրայ։ Պէշիքճի աւելցուց որ այսօրուան քրտական հարցին մասին ալ կարելի չէ մտածել առանց ընդունելու որ անոր խորքին մէջ ալ անցեալի ցեղասպանութիւնն ու աքսորները կան։
Իսմայիլ Պէշիքճի Իսգիլիփի մէջ նախակրթարանը աւարտելէ վերջ աւարտեց Չորումի լիսէն, ապա պաշտօն ստնձնեց Էրզրումի Աթաթիւրք Համալսարանի մէջ, այդ միջոցին տոչէնթ Օրհան Թիւրքտողանի կողմէ կատարուեցաւ լրատուութիւն մը ըստ որու Պէշիքճի մարքսիսթ քաղաքականութեան քարոզչութիւն կ՚ընէր ու շրջանային անջատողականութիւն կը պաշտպանէր։ 12 Մարտ 1971-ի Պաշարման Վիճակի Դատարաններուն կողմէ դատուեցաւ, վերջ տրուեցաւ համալսարանի պաշտօնին, բանտ մտաւ։ 1974ի ներման օրէնքէն օգտուեցաւ, բանտէն ելաւ, բայց աւելի վերջ դարձեալ դատուեցաւ քրտական հարցի մասին իր մտածումներուն համար, իր կեանքին 17 տարիները բանտի մէջ անցուց, իրերայաջորդ դատերու հետեւանքով բանտը մնաց մինչեւ 1999, այդ թուականին բանտէն ազատ արձակուեցաւ սահմանափակեալ պայմաններու մէջ։ Իր մասին 100 տարուան բանտարկութեան ու 10 միլիառ դրամական տուգանքի վճիռ կար։ Անոր գրած 36 գիրքերէն 32-ը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Leave a Reply