«Հորիզոն»- 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին տերսիմցի ալեւի ցեղախումբերու կողմէ հազարաւոր հայեր փրկելու իրողութեան մասին յաճախ գրուած է: «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ յօդուածագիր Ֆունտա Թօսուն տեղեկութիւններ կը քաղէ 1938-ի Տերսիմի ըմբոստութեան եւ անոր յաջորդող զանգուածային ջարդերուն մասին ուսումնասիրութիւն կատարող Թալին Պահչէւանօղլուէն: Ըստ Պահչէւանօղլուի` Տերսիմի այլազգ բնակչութեան ոչ բոլոր հատուածները ձեռք երկարած են հայերուն: Այս մէկը իրականութեան կը համապատասխանէ` նկատի առած, որ Տերսիմի զազայախօս սիւննի քիւրտերը, գործակցելով թուրքերուն հետ, մասնակից դարձած են հայերու սպանդին: Սակայն Հայկական եւ այլ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Տերսիմի ալեւի–քիզիլպաշ ցեղախումբերէն շատեր ապաստան տուած եւ փրկած են ջարդէն ազատած հայերուն:
Յոդուածին մէջ հայեր փրկելու տերսիմցիներու ջանքերը կասկածի տակ առնելու եւ պատմական այդ փաստը վարկածային բնորոշելու Պահչէւանօղլուի պնդումները կը վերաբերին Տերսիմի սիւննի քիւրտերուն, այլապէս, եթէ Պահչէւանօղլու նպատակ ունի Տերսիմի քիզիլպաշներն ալ մասնակից նկատել ջարդերուն, ապա իր ուսումնասիրութիւնն ալ, եթէ յաւելեալ հաստատ փաստեր չկան, կրնայ վարկածային թուիլ: Իբր փաստացի վկայութիւն քիզիլպաշ տերսիմցիներու` հայեր փրկելու իրողութեան, օտար դիւանագիտական աղբիւրներու պատմական արխիւներէն լաւագոյն օրինակն է Օսմանեան Թուրքիոյ գերմանական դեսպանատան Էրզրումի փոխհիւպատոս Max Erwin von Scheubner-Richter-ի վկայութիւնը Embassy register: A53a/1915/5440 դեսպանատան փաստաթուղթին մէջ, ուր, նկարագրելով Բասէնի եւ Էրզրումի 13 հայկական գիւղերէ տեղահանուած հայերու ջարդը Տերսիմի սահմանակից Եփրատի ափերուն, կը վկայէ. «Քիւրտերը եւս մասնակցեացան սպանդին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը տերսիմցի քիւրտ էր»: Ստորեւ կը ներկայացնենք Թալին Պահչէւանօղլուի յօդուածին թարգմանութիւնը:
Իսթանպուլ ծնած, բայց գերմանաբնակ Թալին Պահչէւանօղլուն, տէրսիմցի հայերու հետ խօսելէ ետք, Տէրսիմի հայերու պատմութեան վերաբերեալ աշխատանք մը տարած է եւ հասած է այն եզրակացութեան, թէ «Տէրսիմցիները 1915-ին մեծ թիւով հայեր ազատեցին» բացատրութեան մէջ իրականութեան բաժինը ենթադրուածին չափ իրական չէ:
«Ակօս» թերթի թրքերէն բաժնին մէջ 23 Դեկտեմբեր 2011-ին խմբագիր Ֆունտա Թօսուն գրի առած է Պահչէւանօղլուի աշխատութենէն քաղուած իր տպաւորութիւնները, որոնցմէ կարեւոր մաս մը թարգմանաբար կու տամ ստորեւ:
Ըստ Պահչէւանօղլուի` Տէրսիմին այսօր կը նայինք երեք դիտանկիւններէ, որոնք երեքն ալ խնդրահարոյց են եւ կը յառաջացնեն երեք տեսակէտներ:
1.- Պետութիւնը Տէրսիմի անունը փոխած է «Թունչէլի»ի եւ կերտած է Տէրսիմի թրքական արդի ինքնութիւնը:
2.- Քիւրտերը 1938-ի կոտորածին յառաջացուցած իրաւազրկումը կը գործածեն՝ միացեալ քիւրտ ազգային ինքնութեան մը կերտումին համար:
3.- Կայ նաեւ ալեւիներու, ղըզըլպաշներու, զազաներու, քիւրտերու եւ հայերու ինքնութեանց ազատութեան վրայ հիմնուած Տէրսիմի ինքնութիւնը:
Թալին Պահչէւանօղլու կը հաստատէ, թէ այս երեք ինքնութիւններէն դուրս մնացած Տէրսիմի հայերը իրենց ինքնութիւնը չեն կրնար արտայայտել, որովհետեւ «Տէրսիմի ինքնութիւն» ասացուածքը իրենց վրայ կ’իշխէ: Ինչպէս որ նոր դրութիւնը բոլոր իսլամները թուրք կը նկատէ, այնպէս ալ այս ասացուածքը բոլոր տէրսիմցիները միայն տէրսիմցի ըլլալու կը դատապարտէ:
Այս իրողութիւնը Տէրսիմի հայերուն համար հարցի վերածուած է:
Պահչէւանօղլու կը յիշէ թէ այն հայերը, որոնք իրենց մանկութեան ընթացքին որպէս քիւրտ կը ճանչցուէին, այսօր իրենք զիրենք հայ կը նկատեն: Անոնք հայ կը մկրտուին, կը ստանձնեն իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ կը պայքարին իրենց զաւակները հայկական անուններով կոչելու համար:
1938-ը տեսած եւ վերապրած հայերը այսօր, այդ օրերու պատմութիւններէն մեկնած, ինքնաքննութիւն մը կը կատարեն ու կը հաստատեն, թէ մեծ վախ ապրած են այդ օրերուն: Շատ յատկանշական է Պահչէւանօղլուի պատմածները: Կ’ըսէ, թէ անոնց, որոնց հանդիպած է ինք, տակաւին հետքերը կ’ապրին այն սպանդին, որուն վկայ եղած էին իրենց մանուկ տարիքին` 1938-ին: Թէեւ ներկայիս անոնք իրենց հասուն տարիքին հասած են, սակայն, ինչպէս Պահչէւանօղլու կը հաստատէ, անոնք, վերապրելով անցեալը, կրկին մանկացան: Անոնք կը յիշեն, թէ ինչպէս իրենց աչքերուն առջեւ մորթած են իրենց հարազատները՝ հայրերը, մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները: Անոնք իրենք զիրենք նաեւ բախտաւոր կը համարեն, որովհետեւ, դիակներուն տակ մնալով, կրցան կենդանի մնալ: Սակայն անոնք կը վկայեն, թէ նախընտրած են մոռնալ իրենց տեսածները եւ թաղել զանոնք մեռելներուն հետ: Իսկ այժմ կ’ուզեն բնաւ չյիշել Տէրսիմը կամ ալ իրենց յուշերը պատմել «ինքնասանսիւր»ով:
Հայ կիներու մասին ծրագրի մը պատրաստութեան ընթացքին հանդիպեցայ Տէրսիմին: Պատանի եւ երիտասարդ եղած շրջանիս իմ ճանչցած Էլազըղցի (Խարբերդ) ընտանիքներուն տէրսիմցի ըլլալն ալ այս միջոցին իմացայ: Մինչեւ օրս իմ հետս սերտօրէն առնչուած 24 անձերուն 6-ը ուղղակի դէպքերը ապրած են, իսկ 18-ը՝ երկրորդ սերունդէն անձեր են:
Թէ 1938-ի կոտորածին քանի՞ հայեր մեռած են. ճիշդ թիւ մը յայտնի չըլլալով հանդերձ` գիտենք, որ 350-400 հայեր կրցած են փրկուիլ սպանդէն: Ասոնք 1937-ին Տէրսիմէն Էլազըղ անցած էին եւ 1938-ին դէպի Արեւմուտք աքսորուած էին:
Տէրսիմցի հայերը 1938-էն առաջ ընդհանրապէս հողագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ զբաղող նահապետական ընտանիքներ եղած են: Իրենց վիճակը հարցնողներու «անօթի եւ թշուառ չէինք» կը բացատրեն եղեր: Ամրան ընթացքին բոլորը արտերուն մէջ կ’աշխատէին, ձմրան ալ այրերը քաղաքներու եւ մօտաւոր գաւառներու մէջ ժամանակաւոր գործեր կը գտնէին: Կը զբաղէին նաեւ երկաթագործութեամբ, դերձակութեամբ, ատաղձագործութեամբ եւ շինարարութեամբ:
Քիւրտեր եւ հայեր ընկերովի կ’արածեցնէին գիւղին կենդանիները: Գործածուած լեզուն Տէրսիմի առոգանութեամբ հայերէնն էր: Կ’ըսուի, թէ իրենց հաւատքին պահանջները հանդարտօրէն ի գործ կը դնէին: Հայերը կը պատմեն, թէ Տէրսիմի մէջ հայկական հարուստ մշակոյթ մը գոյութիւն ունէր, եւ կը խօսին Ջիմպէքի մէջ 12 եկեղեցիներու եւ դպրեվանքի մը գոյութեան մասին:
Տէրսիմի մէջ հայերը առհասարակ քիւրտ ցեղախումբերու հետ կապուած եւ անոնց հաշւոյն մարապայ ըլլալով կ’աշխատէին:
Իմ հանդիպած տէրսիմցի հայերուս պատմածներուն մէջ հակասութիւններ կան, կ’ըսէ Պահչէւանօղլու: Ոմանք կը խօսին քիւրտերուն եւ ալեւիներուն շատ լաւ մարդ ըլլալու մասին, ոմանք ալ ցեղախումբերու իշխանութեան տակ հայերուն շահագործուելուն մասին պատմութիւններ կը պատմեն: Ուրիշներ ալ Տէրսիմի քիւրտերուն «դուք էք մեզ սպաննողները», կ’ըսեն:
Քիւրտերուն համար հայ կիներ փախցնելը շատ տարածուած սովորութիւն մը եղած է, որովհետեւ անոնք որեւէ փոխարժէք վճարելու պարտադրութեան տակ չեն եղած: Մինչ քիւրտերուն միջեւ աղջիկ փախցնելու պարագային սկզբունքային կանոններ կը գործադրուին եւ հարսին հօր մեծ գլխագին կը վճարուի, հայ կիներուն պարագային նման հարցեր եւ պարտադրանքներ չեն ծագիր: Այդ իսկ պատճառով աղքատ քիւրտերու մէջ հայ կիները շատ ընդունելութիւն կը գտնեն:
Տէրսիմցիներուն մօտ «աննշմար կերպով շրջիլ» ըսուած սովորութիւնն ալ հայոց ապրած իրաւազրկումները կը բացատրէ: Հասուն տարիքի երիտասարդներ մօտակայ գիւղերու վրայ յարձակելով կը թալանէին: Հաւաքուած աւարը պետին, աղային եւ գիւղացիներուն մէջ երեքի կը բաժնուէր:
Գալով այն պատմութիւններուն, ըստ որոնց տէրսիմցիները 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերուն կեանքը ազատած են, Պահչէւանօղլու սապէս կը պատմէ. «Իմ հանդիպած բոլոր վկաներս կը հաստատեն թէ 1938-ը 1915-ի շարունակութիւնն է: Անոնք չեն հաստատեր այն համոզումը, որ կ’ըսէ, թէ 1915-ին ալեւի քիւրտեր ազատեցին հայերը: Քիւրտ եւ ալեւի ցեղախումբերու տիրապետութեան տակ ապրող հայերը կ’ըսեն, թէ միայն գարապալի, եուսոֆհանլը եւ ֆէրհաթան ցեղախումբերու կողմէ պաշտպանուած են: Վկայ մը ըսաւ, թէ «20 հազարը ազատեցին, 40 հազար ալ սպաննեցին»:
Կան նաեւ շատեր, որոնք կը մերժեն 1915-ին 20 հազար հայերու Տէրսիմ ապաստանած ըլլալը. ասոնց համար իրական թիւը 8 հազար է: Կ’ըսեն, թէ Տէրսիմի մէջ ապաստան փնտռող հայ ընտանիքներ իրենց հետ բերած ինչքերը յանձնած են ցեղախումբերու, որուն փոխարէն անոնք յօժարած են որոշ ժամանակի մը համար պաշտպանել հայերը: Կը պատմուի, թէ աւելի ուշ այս հայերը յանձնուած են ռուս զորամիաւորներու եւ մեծ մասամբ ոչնչացած են:
Կարօ Սասունի «Քիւրտ ազգային շարժումները եւ հայ-քիւրտ յարաբերութիւնները» գիրքին մէջ կը պաշտպանէ այն կարծիքը, թէ շնորհիւ Տէրսիմի քիւրտերուն` 20 հազար հայեր կրցած են ազատիլ: Իսկ Նուրի Տէրսիմի «Քիւրտերու պատմութեան մէջ Տէրսիմը» գիրքին մէջ 36 հազար հայերու փրկութեան մասին կը գրէ:
Պահչէւանօղլու կ’ըսէ, թէ չէ կրցած առարկայական տեղեկութիւններ քաղել, թէ ինչպէս եւ ինչ տուեալներու հիման վրայ այս թիւերը կը ներկայացնեն: Ըստ իրեն` 1915-ին Տէրսիմէն Թիֆլիս եւ Սուրիա անցնիլ յաջողած է շատ փոքր թիւով հայ խումբ մը: Այն իրականութիւնը, որ այսօր Հայաստանի մէջ միայն ափ մը տէրսիմցի հայ կ’ապրի, կը ժխտէ այն պնդումը, թէ 20 հազար հայեր տէրսիմցի ցեղախումբերու միջոցաւ Հայաստան տարուած են:
Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայերուն պատկանող ինչքերը բաժնուած են պետութեան եւ քիւրտերուն միջեւ, եւ այդ պատճառով հայերը պաշտպանութեան շրջանակի մը մէջ առնուած են: Գիտենք որ 1926-ին Տիարպաքիրի կուսակալ Սէյիթ Ռըզա տեսակցութեան մը համար Տէրսիմ եկած է եւ յայտարարած է, թէ մեծ ջանք պիտի թափէ Էլազըղի շրջանի հայկական հողերը տէրսիմցիներուն տալու ուղղութեամբ: Էլազըղի Հոլվենք վանքն ալ այն ատեն Նուրի Տէրսիմին կը տրուի: Այսինքն` հայերու եւ տէրսիմցիներու յարաբերութիւնները շատ բարեկամական չեն, ինչպէս կը պատմուի այսօր:
Ֆունտա Թօսուն հարց կու տայ Թալին Պահչէւանօղլուին թէ Տէրսիմի կոտորածի ընթացքին, ի՞նչ գիտէ եւ ի՞նչ յայտաբերած է հայերուն վերաբերեալ: Ան պատասխանած է. «Ինչպէս տէրսիմցիները, հայերն ալ կը պատմեն թէ 1938-ին տեղի ունեցած է մեծ կոտորած մը, որ ոչնչացուցած է իրենց մշակոյթը: 1938-ին Հօզաթի կապուած Ջիմպէքի մէջ թէ՛ քիւրտեր եւ թէ՛ հայեր ջարդուած են: Ջիմպէք եւ Երկան գիւղերը Ապասան ցեղախումբին հսկողութեան տակ՝ Սէյիտ Ռըզայի կապուած գիւղեր էին:
«Գարապայ ցեղախումբին կապուած Կամկօկլու Արզունիք գիւղին մէջ միայն հայերը կը սպաննուին: 60 հայեր ողջ-ողջ կը հրկիզուին, եւ միայն երկու հայեր կ’ազատին: Բերրէքի բնակիչ բոլոր հայերը կը ջարդուին ու Փէրթէք ջուրը եւ Պօրքինա առուն կը նետուին: Հալվորի մէջ ալ միայն հայերը կը ջարդուին: Հօզաթի կապուած Սին գիւղի մէջ, Թէստէքի, Սետէնի եւ Օվաճըքի հայերն ալ կը սպաննուին: Թորումի բոլոր հայերն ալ կը կոտորուին:
«Ամենէն կարեւոր ականատես վկան այսօր 85 տարեկան տէրսիմցի մըն է: Ան Սէյիթ Ռըզային կախուիլը տեսեր է: 1937-ին Էլազըղ կ’աքսորուին եւ 1938-ին Հաճըզիյապէյ բաղնիքին դէմը կը տեղաւորեն զիրենք: Առաւօտուն ժամը երկուքին կ’արթնցնեն զիրենք եւ, ինչպէս ինք կը պատմէ, մերկ ոտքով եւ միայն պարեգօտով մը կառատան վրայի պահականոցը կը տարուին: Հոն 40 տուն, այսինքն` 350-400 հայերու կը ստիպեն բաղնիք մտնել: Բոլոր կանանց մազերը մեքենայով կ’ածիլուին: Յետո,յ պատրաստուած ցուցակի մը համաձայն, միասնաբար կ’աքսորուին դէպի Արեւմուտք: Կառախումբ բեռցուած հայերուն մէկ մասը` Աֆեօն, մէկ մասը` Կուտինա, ոմանք ալ Իզմիր, Սալիհլի, Մանիսա, Ուշագ եւ Պօլու կ’աքսորուին: Պօլու հասնող բոլոր հայերը ստիպողաբար կ’իսլամանան եւ կը թրքանան:
«Ուրիշ վկայ մը, կէս լուրջ-կէս կատակ, պատմեց, թէ ինչպէս թուրքի եւ մահմետականի ինքնութեամբ զինուորագրուեր է: Հայոց անուան սկիզբը կրօնափոխ (մուհթէտի) ածականը կը դրուէր: 1938-ին տէրսիմցի հայերուն 60%-ը իսլամացուցին: «Անոնք այլեւս ետ չդարձան» խօսքերով կ’ամբողջացնէ իր ելոյթը:
«Այլ վկայութիւններով յայտնի կ’ըլլայ, թէ Արեւմուտք ղրկուողները, կառքէն իջեցնելէ առաջ, ստիպուեր են արտասանել իսլամութեան վկայախօսութիւն (kelime-i sahadet): Բոլորին ալ տրուեր է թուրքի անուն: Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք տեղաւորուեր է անջատ գիւղի մը մէջ: Խզուեր են ազգականներու միջեւ ամէն կարգի ընտանեկան յարաբերութիւնները: Բոլորը առնուեր են քննութեան տակ: Կիրարկուեր է ձուլելու խիստ ծրագիր մը: Տղաքը անցեր են կրօնական դասընթացքէ մը եւ ատեն մը վերջ սկսեր են յորդորել իրենց մեծերը, որ նամազ ընեն, աղօթքները սորվին եւ ծոմապահութեան հետեւին:
«Ժամանակ մը վերջ ձուլուած եւ հաւատափոխ ընտանիքներու պետութիւնը հող կու տայ: Ցանքի եւ կենդանաբուծութեան համար ալ դրամ տուեր է: Կրօնական եւ դպրոցական ուսուցում տեսնող տղաքը ոստիկան-զինուոր եւ պետական պաշտօնեայ եղեր են: Այս պարագան դաւանափոխներուն տրուած առանձնաշնորհ մըն է»:
Յատկանշական է այս ուղղութեամբ վկաներու կողմէ Պահչէւանօղլուին փոխանցուած վկայութիւնները. «Մենք զիրենք հաւատացուցինք, որ իսլամ եւ թուրք եղած ենք: Դուրսը անոնց ուզածին պէս, սակայն ներսը հայու եւ քրիստոնեայի նման ապրեցանք»:
Պահչէւանօղլուի ծանօթացած այս կարգի վկաներէն մէկուն կ’արժէ ականջ տալ: Ահա Արեւմուտք տարուած այս վկային պատմութիւնը. «Կենդանիի բեռնատարի մը վակոններէն իւրաքանչիւրին մէջ 40 հոգիով հինգ օր ճամբորդեցինք: Երբ Ուշագ հասանք, քաղաքին բոլոր ժողովուրդը կայարան եկած էր: Արեւելքէն եկող այս վայրենիները տեսնելու համար հաւաքուած էին: Հետաքրքիր աչքերով մեզի կը նայէին եւ «ո՞ւր է այս քիւրտերուն պոչը, ասոնք պոչ չունին»,- կ’ըսէին իրարու:
Այս ողբերգութիւնը ապրած պատմող վկան իր ապրիլը հրաշք մը կը համարէ: Զինուորական 18 սուինի հարուածով մեռնող մօրը իր վրայ իյնալով պահպանուած եւ իր մեծ եղբայրներուն շնորհիւ ողջ մնացած է: Երբ չորս եղբայրները Արեւմուտք աքսորուեր են, ոչ հայր ունէին, ոչ ալ մայր: Մեծ քոյրերնին ալ սպաննած էին: Մինչեւ վեց տարեկան թուրք ընտանիք մը խնամեր է զինքը, որմէ վերջ սկսեր է գառնարածութեամբ զբաղիլ: Քիչ մը մեծնալէ ետք, գիւղէ գիւղ եւ փողոցէ փողոց պտտելով, մեծ եղբայրները փնտռեր է: 13 տարեկանին Պոլիս կ’երթայ եւ մեծ եղբայրներուն եւ իր իսկական ինքնութեան կը ծանօթանայ: Մինչեւ այդ, որպէս հաւատացեալ համհետական, բոլոր պարտականութիւնները կատարած է: Մեծ եղբայրները «մենք հայ ենք, մենք քրիստոնեայ ենք» ըսեր են, բայց ինք ասկէ բան չէ հասկցեր: Շուարեր է եւ «ուրեմն մենք հիմա «կեաւո՞ւր» ենք» հարցուցեր է: Ինչպէ՞ս կրնայ կեաւուր ըլլալ, մտածեր է: Այն ատեն Գումգաբու են եղեր. «Եղբայրներս ըսին, որ այլեւս մզկիթ պիտի չերթամ: Ճիշդ այդ պահուն ալ էզան կը կարդացուեր: Չկրցի մզկիթ երթալ: Աւելի վերջ եկեղեցիի մասին խորհեցայ: Գացի: Առջեւի նստարաններէն մէկուն վրայ նստայ: Զարմանալի զգացում մը ունեցայ, որը ճշգրտօրէն չեմ կրնար բացատրել, սակայն նոյն պահուն որոշեցի քրիստոնեայ ըլլալ»:
Թարգմանեց Արայ Կարմիրեան
Leave a Reply