Շատ հայեր կը տիրապետեն թրքերէնին, իսկ հայերէնը թուրք հասարակութեան համար ընդհանրապէս անծանօթ է. թուրք փրոֆէսըր

Պոլսոյ «Քատիր Հաս» համալսարանին մէջ հայերէն լեզուի դասնթացքներ կը կազմակերպուին: Փետրուար 7-ին սկսաւ դասընթացքի երկրորդ կիսամեակը: Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ Ապրիլ 12: Դասընթացքին նպատակն է զարգացնել մասնակիցներուն հայերէն խօսելու, կարդալու եւ գրելու հմտութիւնները։ Անիկա բաց է հանրութեան համար: Դասընթացքին պիտի կարդացուին հայերէն փոքրիկ հեքիաթներ եւ պատմութիւններ ու պիտի լսուին հայերէն երգեր, որոնք մասնակիցներուն հնարաւորութիւն պիտի տան ժամանակակից ձեւով հայերէն սորվելու։ Այս մասին գրուած է թրքական «Սես Թուրքիէ» կայքին մէջ տեղադրուած համալսարանի դասընթացքին մասին ծանուցող յայտարարութեան մէջ:

Դասընթացքը կը ծանրանայ ոչ միայն քերականութեան վրայ, այլեւ՝ լեզուի բոլոր առանձնայատկութիւններուն: Ծրագիրը կազմուած է խօսելու, լսելու եւ կարդալու մէկ ամբողջական սկզբունքով: Դասընթացքին մասնակցութեան թիւին համեմատ՝ կ’որոշուի յաջորդ փուլերու շարունակութիւնը, կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ըստ կայքին՝ համալսարանի տնօրէն, փրոֆէսըր Մուսթաֆա Այտըն, տարածաշրջանի երկիրներուն լեզուները գիտնալու կարեւորութիւնը շեշտելով, ըսած է, թէ այդպիսով մարդիկ կարելիութիւն պիտի ունենան իրարու հետ շփուելու եւ զիրար լաւ հասկնալու: «Մանաւանդ Հայաստանի հետ, երբ ոչ դիւանագիտական յարաբերութիւն ունինք եւ ոչ ալ դեսպանատուն: Շատ մը հայեր թրքերէն լեզուին կը տիրապետեն, իսկ հայերէնը թուրք հասարակութեան համար ընդհանրապէս անծանօթ է»,- ըսած է ան:

Համալսարանի «Կեանքի ընթացքին (տեւողութեամբ) ուսուցում» կեդրոնի տնօրէն Սերտար Տինլէր կ’ըսէ, թէ թրքական պետութեան «հարեւաններու հետ զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը աչքի առջեւ ունենալով՝ թուրք հասարակութիւնը պէտք է հարեւաններուն հետ աւելի շատ երկխօսութեան մէջ մտնէ: Այս պատճառով ալ հարեւաներուն, ներառեալ Հայաստանի, լեզուները գիտնալը առանցքային դեր կը խաղայ:

Դասընթացքի դասախօս, Հայաստանի քաղաքացի, գիտութեան թեկնածու Գէորգ Քալլոշեան մասնակիցներու դասընթացքին նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութենէն գոհ է: «Դասընթացքին մասնակցողները տարբեր պատճառներ ունին: Քանի մը ուսանող Կովկասի մասին գիտական ուսումնասիրութիւններ ընելու համար  կ’ուզեն առնչուիլ հայերէնին հետ, զբօսաշրջիկներու ուղեկցող մը Երեւանի պատմական շէնքերուն վրայի գրութիւնները կարդալու եւ մշակութային ժառանգութիւնը բացայայտելու համար կ’ուզէ հայերէն սորվիլ, երաժիշտ մը հայերէնի իմացութեամբ կ’ուզէ հայկական երգերուն ծանօթանալ»,- կ’ըսէ հայ դասախօսը:

Իսկ բժիշկ մը իր հայ հիւանդներուն հետ շփուելու համար հայերէն կը սորվի: « Հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ կ’աշխատիմ, եւ այնտեղ շատ հայ հիւանդներ կ’ունենամ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքին հետ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ»,- կ’ըսէ բժիշկը:

Դասախօս Քալլոշեան կը յատնէ, թէ Երեւանի մէջ թրքերէն ուսուցանող շատ կեդրոններ կան, բայց Թուրքիոյ մէջ հարեւան երկրի լեզուին նկատմամբ նոյնպիսի հետաքրքրութիւն չկայ:

«Քատիր Հաս» համալսարանը, Սեպտեմբերէն սկսեալ, դասընթացքները Անգարա պիտի տեղափոխէ: Ըստ համալսարանի տնօրէնին՝ այն ժամանակ աւելի շատ թիւով դիւանագէտներ եւ պետական պաշտօնեաներ պիտի մասնակցին: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր աշխակիցներուն դասական անգլերէն, ֆրանսերէն լեզուներուն կողքին կը խրախուսէ նաեւ բարդ լեզու մը գիտնալը»,- կը յայտնէ համալսարանի տնօրէնը։

http://tert.am/hy/news/2012/02/18/hayereni-tasentatzk/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ