«Եթէ Սփիլպըրկ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին շարժանկար պատրաստէ» խորագիրով յօդուածին մէջ՝ թրքական «Սապահ» օրաթերթի յօդուածագիր Մեվլութ Թէզէլ կը գրէ, թէ այդպիսի շարժանկար մը նկարահանուելու պարագային թուրքերը ի՞նչ վիճակի կրնան մատնուիլ…
«Մեր դեսպանը ետ չենք կրնար կանչել: Սփիլպըրկի շարժանկարնե՞րը պոյքոթի պիտի ենթարկենք. ձեր ուզածին չափ պոյքոթի դիմեցէք, եթէ Սփիլպըրկ եւ Զայիլեան միատեղ «Շինտլըրի Ցուցակ»ին տարողութեամբ շարժանկար մը նկարահանեն, բուն հարցը այն ժամանակ պիտի սկսի»,- կը գրէ յօդուածագիրը եւ կը շարունակէ՝ ըսելով,- ««Ցեղասպանութիւն եղած է, չէ եղած» վէճերը քաղաքական գործիչներու առանցքէն դուրս գալով պիտի դառնան հասրարակական զանգուածներու քննարկման առարկայ: Ամբողջ աշխարհը պիտի սկսի այս շարժանկարին մասին խօսելու: Նոյնիսկ քարտէզին վրայ Թուրքիոյ տեղը չգիտցող տգէտները պիտի հաւատան մեր ցեղասպանութիւն գործած ըլլալուն»:
Թէզէլ նաեւ կը նշէ, թէ «Կէսգիշերային Ճեպընթաց»ի (Ալան Փարքըրի 1978ի նկարահանած այս շարժանկարը կը ներկայացնէ թրքական բանտերուն մէջ իրականացուած չարչարանքները) բացասական ազդեցութիւնը 100ի բազմապատկելու պէս բան մըն է: «Անշուշտ կարեւոր է նաեւ Սփիլպըրկի նկարահանած շարժապատկերին ինչպէս ըլլալը։ Մեր արխիւները ուսումնասիրելու համար խումբ պիտի ստեղծէ՞: Չեմ կարծեր: Հայկական «Հայֆիլմ»ի հետ բանակցութղիւններ սկսած է արդէն: Շարժանկարը ցուցադրութեան պիտի հանուի 100ամեակին»,- կ’ընդգծէ յօդուածագիրը ու իր խօսքը ամփոփելով՝ կը նշէ,- «Ամփոփելով ըսեմ՝ արժանի չըլլալով հանդերձ, Գերմանիոյ ապրած ճնշուածութեան նմանութեան, նոյնը ապրելու հաւանականութիւնը ունինք»:
Յիշեցնենք, որ նախապէս մամուլին մէջ լուրեր տարածուեցան, որ օսքարակիր յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած ու Ցեղասպանութեան 100ամեակին ցուցադրութեան դրուելիք շարժանկար մը պատրաստելու համար՝ բանակցութիւններ սկսած է հայկական կողմին հետ։ Իսկ Սթիվըն Սփիլպըրկի եւ սենարիստ Սթիվըն Զայլիեանի համատեղ պատրաստած 1993ին «Շինտլըրի ցուցակը» (Schindler’s List) յայտնի շարժանկարը կ’արծարծէ Եւրոպայի հրեաներուն ողջակիզումը գերմանացի նացիստներուն կողմէ: Շարժանկարը կը գնահատուի, իբրեւ ամէն ժամանակներու ամէնէն լաւ շարժանկարներուն շարքին: 300 միլիոն տոլարէն աւելի շահոյթ ապահոված շարժանկարը արժանացած է Oscar, Golden Globe, BAFTA եւ Grammy մրցանակներուն:
http://tert.am/hy/news/2012/02/16/spilberg/
Leave a Reply