ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»-a Ֆրանսացի ընկերվարական ծերակուտականներ Լիւք Քարուունաս եւ Ֆիլիփ Քալթենպախ իրենց վրդովմունքը յայտնած են Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի վարքին կապակցութեամբ:
Անոնց կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք անընդունելի կը համարենք Թուրքիոյ դեսպանին փորձերը՝ ազդելու մեր երկրին մէջ ընթացող օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ»:
Յիշեցնենք, որ Պուրճուօղլու նամակներ յղած է Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին:
«Մենք ցաւով կը հաստատենք, որ պարոն դեսպանին կոչը լսուած է 77 ծերակուտականներու եւ 65 պատգամաւորներու կողմէ»,- ընդգծած են ընկերվարական ծերակուտականները՝ պնդելով, որ դեսպանի յորդորներուն ուղեկցած են նաեւ սպառնալիքներ, թէ օրինագիծին ընդունումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու ապագային վրայ:
«Հակառակ Թուրքիոյ դեսպանի այս փորձերուն` մենք անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ կը շարունակենք աջակցիլ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին»,- գրած են անոնք՝ յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը սահմանադրական կը նկատէ:
Leave a Reply