Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս (Ազատական) Փետրուար 14-ին Գանատայի խորհրդարանի մամլոյ սրահին մէջ հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով մը եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով երկրի քաղաքական դիրքորոշումը յստակացնեն գանատացի դիւանագէտներուն:
Մամլոյ ասուլիսի շարժառիթը Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպան Մարք Պէյլիի հակահայ գործունէութիւնն էր: Արդարեւ, 2011-ի Մարտ 4ին, դեսպան Պէյլիի հրաւէրով, Գանատայի ծերակոյտի անդաղորմ Նէնսի Ռութ (Պահպանողական) Թուրքիա հրաւիրուած էր գանատացի կիներու առեւտրական բնագաւառէն ներս արձանագրած յաջողութեանց մասին դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելու համար: Օթթաուա վերադառնալով` տիկ. Ռութ Մարտ 22-ին նամակ մը կը յղէ ծերակոյտի տնտեսութեան եւ պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Թաչուքի, որուն մէջ յատկապէս կը գրէ, թէ, աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի Գանատան յետ այսու կասեցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրուան ընթացքին հրապարակուող յայտարարութիւնները, որոնք գլխաւոր արգելքը կը հանդիսանան Գանատա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Տիկ. Ռութ նամակին մէջ կը նշէ նաեւ, թէ այդ առաջադրանքը իրեն փոխանցուած է Անգարայի մօտ դեսպան Պէյլիի կողմէ:
Դեսպան Պէյլի նոյն յանձնարարականը փոխանցած է նաեւ Գանատայի ծերակոյտի խօսնակ Նոէլ Քինսէլայի, որ 2011-ի Յունուարին այցելած էր Թուրքիա:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս զարգացումներուն գծով Փետրուար 14-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ, որ նախարարութիւնը աչալրջօրէն հսկէ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան առնչութեամբ իր բաժանմունքի պաշտօնատարներու իմացութեան վրայ եւ, եթէ հարկ է, յատուկ դաստիարակչական ծրագիրով արտասահմանեան դիւանագէտներուն ծանօթացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող Գանատայի կառավարութեան դիրքորոշումին մասին:
Հաղորդագրութեան աւարտին տոքթ. Պասմաճեան կոչ կ՛ուղղէ դեսպան Պէյլիին, որ թրքական ուրացման քաղաքականութեան զօրակցելու փոխարէն` աշխատանք տանի, որպէսզի համոզէ Անգարան Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ընդունելու:
Նշենք, որ Գանատայի ծերակոյտն ու խորհրդարանը, յատուկ օրէնսդրական բանաձեւերով, յաջորդաբար Յունիս 13, 2002-ին եւ Ապրիլ 21, 2004ին ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2009-ի Ապրիլ 19-ին Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր յատուկ յայտարարութեամբ կառավարական մակարդակի վրայ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Գանատայի մեր գործընկեր «Հորիզոն» շաբաթանթերթը։
Leave a Reply