17-րդ դարու Թաշհորոն եւ 19-րդ դարու Վանք եկեղեցիները պիտի վերականգնուին

Մալաթիոյ Չաւուշօղլու շրջանին՝ Հրանդ Տինքի ծնած թաղամասին մէջ գտնուող Թաշհորոն (17-րդ դար), ինչպէս նաեւ Մալաթիոյ ենթակայ Վանք գիւղի Վանք (19-րդ դար) եկեղեցին պիտի նորոգուին: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Զաման» թերթը:

Եկեղեցիներու վերականգման ծրագիրը աւարտած է եւ ներկայացուած Սուազի մշակույթի եւ բնական ժառանգութեան շրջանային խորհուրդին հաստատման:

Մալաթիոյ նահանգապետ Ուլվի Սարան յայտնած է, թէ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի քաղաքին պատմաշակութային կառոյցներուն: Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Թաշորոն եկեղեցին եւ Վանք գիւղի Վանք եկեղեցին վերականգնելու համար նախաձեռնութիւններ սկսած են:

Սարան նաեւ ըսած է, թէ Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Թաշհորոն եկեղեցին եւ Մալաթիոյ ենթակայ Վանք գիւղի Վանք եկեղեցին դեռ մեծ մասամբ կանգուն են: «Մէկ տարիէ ի վեր սկսած վերականգման ծրագիրը արդէն պատրաստ է։ Կը մնայ նահանգին ենթակայ պաշտպանութեան եւ վերահսկողութեան գրասենեակի (KUDEB) հետազօտութիւնը եւ Սուազի մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման շրջանային խորհուրդի հաստատումը: Այնուհետեւ` հաւանաբար գարնան, պիտի սկսին եկեղեցիներու վերականգման աշխատանքները»,- ըսած է Սարան:

http://tert.am/hy/news/2012/02/14/churches/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ