Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւնները Իրենց Խնդիրներն Ու Ակնկալութիւնները Ներկայացուցին Նախարարին – Նախարարը Ըսաւ. “Այսօրուան Թուրքիան Երէկուան Թուրքիայէն Աւելի Լաւ Է, Բայց Վաղուանը Այսօրուանէն Ալ Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ”
Երէկ Թաքսիմի “Մարմարա” պանդոկի հաւաքասրահներէն մէկուն մէջ կայացաւ Եւրոմիութեան Նախարար ու Աւագ Բանագնաց Էկէմէն Պաղըշի հրաւէրով սարքուած եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն ուղղուած հաւաքոյթ մը, որ “Հասարակական Կազմակերպութիւններու Հետ Երկխօսութիւն” անուանեալ յայտագիրներու հինգերորդն էր։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին փոքրամասնութիւններու համայնքներէ ղեկավար դէմքեր կամ հանրային կեանքէ ներս դերակատարութիւն ունեցող անձեր, գլխաւորութեամբ բոլոր համայնքներու կրօնապետներուն, նաեւ իշխանութեան մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս։ Ինչպէս ձեռնարկին անունէն ալ կը հասկցուէր, հաւաքոյթին նպատակն էր միասնութիւն ստեղծել Նախարար Պաղըշի ու համայնքներու հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն միջեւ, երեւան հանել համայնքներու հարցերը ու լուծման առաջարկներ ներկայացնել վերին իշխանութիւններուն։ Այս տեսակէտով հաւաքոյթը իսկապէս յաջողութիւն պիտի արձանագրէր եւ շատ տաքուկ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծէր Նախարար Պաղըշի ու ներկաներուն միջեւ։
Մեզմէ ներկայ էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան։ Յունաց Պատրիարքը կը բացակայէր արտասահման գտնուած ըլլալուն համար, ներկայ էին միւս կրօնապետները, եւ բոլոր համայնքներէ հրաւէր ստացած աւելի քան 200 անձեր։ Հրաւիրուած էր նաեւ մեր Խմբագրապետը, Ռ. Հատտէճեան որ այս հետաքրքրական ու երկարատեւ հաւաքոյթին մասնակցեցաւ Մարմարայի անձնակազմէն Կարօ Համամճեանի ընկերակցութեամբ։ Հաւաքոյթը բացուեցաւ առաւօտուն ժամը 10.00ին ու տեւեց մինչեւ 13.00, ապա սարքուեցաւ ճաշ։
Հաւաքոյթին բացումէն վերջ խօսելու հրաւիրուեցաւ Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշ, որ ըրաւ շատ հետաքրքրական ու յաճախ սրտախօսիկ նախադասութիւններով համեմուած ճառախօսութիւն մը։ Խօսեցաւ հետեւեալ կերպով.
ԷԿԷՄԷՆ ՊԱՂԸՇԻ ՃԱՌԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Նախարար Պաղըշ իր խօսքերուն սկսաւ փոխանցելով Վարչապետին ողջոյնները։ Ան ըսաւ որ այս հաւաքոյթը շատ իմաստալից է, նախապէս կարելի չէր նոյնիսկ երեւակայել այսպիսի հաւաքոյթ մը, իսկ հիմա ես ձեզի “բարի եկաք” կ՚ըսեմ սրտի հանգստութեամբ, որովհետեւ հիմա մեր նպատակը զիրար փոխել չէ, այլ փաստել է որ միասին կրնանք աշխատիլ։
Նախարար Պաղըշ իր ողջոյնները ղրկեց նաեւ Թրքահայոց Պատրիարք Մութաֆեանին, յիշեցնելով որ ան ալ կարօտը ունէր այսպիսի ժողովրդավարական հաւաքոյթներու։ “Աղօթեցէք այս երկրի խաղաղութեան համար, աղօթեցէք նաեւ Վարչապետին առողջութեան համար”, ըսաւ Նախարարը, որ յիշեցուց փոքրամասնութեանց կողմէ Վարչապետ Էրտողանին ի պատիւ սարքուած րամազանի իֆթարի ճաշկերոյթը, որ այնքան իմաստալից էր։
“Ես հիմա ձեր բոլորը բարեկամս կամ եղբայրս կրնամ կոչել, շարունակեց Պաղըշ։ Անմոռանալի յուշեր ունինք միասին ու այդ յուշերը մեզ իրարու կը միացնեն։ Անշուշտ անցեալի ցաւերը պիտի չմոռնանք, բայց պիտի ջանանք որ անցեալի այդ ցաւալի պատահարները անգամ մըն ալ չկրկնուին։ Ամէն մարդ ցաւ մը ապրած է անցեալի մէջ, բայց պէտք է աշխատիլ որպէսզի լուծում գտնուի առկայ հարցերուն։ Հիմա նոր Սահմանադրութիւն մը պիտի պատրաստուի ու անոր տէր կանգնիլը արդէն հայրենակցական պարտականութիւն է”։
Նախարար Պաղըշ ապա յիշեցուց որ մինչ ուրիշ երկիրներ ռոմանները կը վտարէին, Վարչապետ Էրտողան կուրծք կը բանար Ռոմաններուն։ “Այս մտայնութեամբ է որ կատարուեցան Աղթամարի կամ Սումէլայի արարողութիւնները” ըսաւ Նախարարը եւ աւելցուց որ ինը տարիէ ի վեր համայն աշխարհ կը հետեւի Թուրքիոյ կառուցողական քաղաքականութեան։ Ապա ան անդրադարձաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած օրէնքին ու ըսաւ որ ամէնէն առաջ Թրքահայերն էին որ հակազդեցութիւն ցոյց տուին այդ օրէնքին։ Յիշեց Արամ Սրբազանին այդ առիթով արտասանած մէկ նախադասութիւնը թէ այսօր մահմետականները մեզի իրենց “աշուրէ”ն տուին, մենք ալ վաղը մեր անուշապուրը պիտի տանք անոնց, այսպիսի միասնութիւն մը կայ մեր միջեւ։
Միջազգային գետնի վրայ կռիւ կայ, բայց այս կռիւը յաւիտեանս պիտի չշարունակուի, ըսաւ Նախարարը, ան պախարակեց այն քաղաքագէտները որոնք Եւրոպայի մէջ քաղաքականութիւնը արհեստի վաճառականութիւն դարձուցած են, որոնք գերեզմանի վաճառք կ՚ընեն։ “Մենք անցեալը չենք ժխտեր, չենք ուրանար անցեալի մէջ պատահածները, բայց փաստաթուղթ ալ տեսնել կ՚ուզենք։ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ վարչապետ մը նամակ մը ղրկեց Հայաստանի նախագահին։ Մաղթելի էր որ այս նամակը արժեւորուած ըլլար։ Պէտք է ստուգել թէ այդ շրջանին ինչեր պատահեցան, ստուգել՝ որպէսզի դասեր առնուին անոնցմէ”։
Այստեղ Նախարար Պաղըշ յիշեց ողբացեալ Հրանդ Տինքը եւ անոր աղաւնիի անհանգստութեան օրինակը։ Մեր ցաւերը եթէ իրարու հետ բաժնենք, ցաւերը կը մեղմանան, ըսաւ Նախարարը։ Թուրք հայրենակիցներու դէմ եղած հալածանքը ինչ որ է, նոյնն է 6-7 Սեպտեմբերը, Ապտի Իփէքճիին սպանութիւնը ինչ որ է, Հրանդին սպանութիւնն ալ նոյնն է։
Էկէմէն Պաղըշ, որ շատ տպաւորիչ ոճով կը խօսէր, ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ հիմա բոլոր թապուները փուլ կուգան, Թուրքիա թապու չի ճանչնար այլեւս։ “Վառ պահելով Եւրոմիութեան անդամակցութեան մեր կամքը, մենք պիտի իրականացնենք առաւել ժողովրդավարութիւն։ Թուրքիա հզօր երկիր է։ Ահաւասիկ տեսաք Եւրոպայի տնտեսական կեանքի տագնապը, այս Եւրոպան օրինակ չի կրնար ըլլալ Թուրքիոյ համար։ Միայն թէ Եւրոմիութիւնը շատ կարեւորութիւն կուտայ անհատին իրաւունքին։ Մենք ալ նոյն նպատակը կը հետապնդենք, Աղթամարի նորոգութիւնը, վագըֆներու օրէնքը, կալուածները վերադարձնելու որոշումը, ասոնք իրաւունքներ են ու մենք այդ բոլորը պիտի իրականացնենք։
Օրինակ տալով վերջին օրերուն Յունաց վերադարձուած կալուածներն ու շէնքերը, Նախարար Պաղըշ յիշեցուց Յունաց Պատրիարքին խնդրանքը որ Կէօքճէ կղզիի մէջ յունաց դպրոց մը բացուի, “Ես տրամաբանական կը գտնեմ ասիկա” ըսաւ Նախարարը։
Նախարարը իր խօսքերը աւարտին բերաւ ըսելով որ իւրաքանչիւր հայրենակցի հարցը այս կառավարութեան հարցն է։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու ըսաւ որ հիմա ինք պիտի ունկնդրէ համայնքներու ներկայացուցիչներուն խօսքերը։ “Ձեզմէ բան սորվիլ կ՚ուզեմ” ըսաւ Պաղըշ, իջնելով ամպիոնէն։
ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ
Կը թուի թէ Նախարարութիւնը արդէն Անգարայի մէջ որոշած էր թէ որո՞նք պիտի խօսին իրենց համայնքներուն անունով։ Նախ ասորիներու անունով խօսք առաւ Լօլիթա Ասիլ անուն մանկամարդ աղջիկ մը, որ բաւական երկար պատմականը ըրաւ Ասորիներու անցեալին, ան նշեց անոնց եկեղեցական կեանքը, դիտել տուաւ որ Իսթանպուլի Ասորիները Եշիլգիւղի մէջ կամ մօտերը եկեղեցիի մը պէտք ունին։ Ան հպեցաւ ուրիշ խնդիրներու ալ։
Յետոյ խօսք առաւ հրեաներու Շալօմ թերթի խմբագիր Իվօ Մօլինաս։ Ան յիշեցուց որ Շալօմ կը հրատարակուի 65 տարիէ ի վեր։ Մանրավէպեր պատմեց աւագանիի հետ ունեցած իր յիշատակներէն։
ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԵԼՈՅԹԸ
Կարգը եկած էր մեր համայնքէն Պետրոս Շիրինօղլուի, որ ըսաւ որ կը խօսի Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի ու ՎԱՏԻՓ-ի անունով, ան ըսաւ որ 13 Մայիս 2010 թուականին Վարչապետին ստորագրութեամբ պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած շրջաբերականը ցոյց կուտար որ կառավարութիւնը որեւէ խտիր չէր դներ հայրենակիցներու միջեւ, փոքրամասնութիւններուն ալ կը նայէր նոյն հոգածութեամբ։ Այդ շրջաբերականով կը թելադրուէր որ փոքրամասնութիւններուն ալ նոյն վերաբերումը ցոյց տրուի, պաշտօնատեղիներու մէջ անոնց առջեւ դժուարութիւններ չստեղծուին։ 2002 թուականէն վերջ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը շատ դրական գնացքի մը մէջ մտաւ։ Բնաւ կասկած չունինք որ մնացեալ հարցերն ալ պիտի լուծուին։ Աշխարհի վրայ ապրող ամէն մարդ երկու ինքնութիւն ունի, նախ Ազգային ինքնութիւն, ապա մշակութային ինքնութիւն։ Ես իր ամբողջ կեանքը Թուրքիոյ Հանրապետութեան կապած ինքնութիւն մը ունիմ, բայց ունիմ նաեւ հայու ինքնութիւն, մայրենի լեզուս, Քրիստոնէական հաւատքս։
Պետրոս Շիրինօղլու ապա մաղթեց որ նոր սահմանադրութեան մէջ, նաեւ վերանորոգելի վագըֆներու օրէնքին մէջ մեր՝ այսինքն ձեր եղբայրներուն իրաւունքներն ալ պաշտպանուին ու վերստին ամրապնդուի վստահութեան մթնոլորտը որ հարիւր տարի առաջ անհետացաւ։
Շիրինօղլու յիշեց Օսմանեան շրջանի Արթին Ամիրաները, Յակոբ Տիլաչարները, Պալեանները, Նորատունկեանները եւ ըսաւ որ անոնց թոռներն ալ հիմա պատրաստ են պարտականութիւն վերցնելու այս երկրին համար։
Շատ լաւ էր Շիրինօղլուի ելոյթը, որ իր կարգին շատ ծափահարուեցաւ։
Յետոյ կարգաւ խօսեցան Լատին Կաթոլիկներու անունով Րինալտօ Մարմարա, Յոյներու անունով Անտրէաս Րոմպօփուլոս։ Այս վերջինը գանգատեցաւ յոյն համայնքին ներկայացուցած փոքր թիւէն, ուզեց որ դիւրութիւններ ցոյց տրուին որպէսզի Յոյները վերադառնան Թուրքիա, կամ երկար մնալու կարելիութեամբ յաճախակի կերպով գան, բայց հիմա վիզայի նոր օրէնքն ալ միւս կողմէ կը դժուարացնէ այս վերադարձը։
Այս ելոյթներէն վերջ ցուցադրուեցաւ “Անատոլուի Գոյները” խորագրուած ժապաւէն մը, որ կը բաղկանար պատմական յուշարձաններու շատ գեղեցիկ տեսարաններէն ու անոնց ընկերացող շրջանային երգերէ։ Ժապաւէնին մէջ գործածուած էին նաեւ Մկրտիչ Արծիւեանի գեղարուեստական նկարները։
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԿԱՄ ԽՆԴՐԱՆՔՆԵՐ
Այնուհետեւ Նախարար Պաղըշ, իր քով առնելով համայնքներու հինգ ներկայացուցիչներ, որոնցմէ մէկն ալ Շիրինօղլուն էր, տեղ գրաւեց նախագահական սեղանին վրայ ու ըսաւ որ պատրաստ է փափաքողին խօսք տալու։ Այնուհետեւ շատեր խօսք առին եւ ինչպէս կը պատահի նմանօրինակ հանդիպումներու ընթացքին, ոմանք խօսեցան անկարեւոր ու նեղացուցիչ բաներու մասին, ոմանք ալ անդրադարձան հետաքրքրական հարցերու, կարեւոր առաջարկներ ներկայացուցին։ Շատերու կարգին, մեզմէ ալ խօսք առին Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եսայի Տէմիր, Կէտիկփաշայի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ Շիշլիի Փոխ Քաղաքապետ Վազգէն Պարըն։ Այնուհետեւ Նախարարը կարգաւ խօսք տուաւ նախագահական սեղանի վրայ իր քով նստողներուն, որոնք ասորի, լատին կաթոլիկ, յոյն կամ հայ համայնքներու անունով խօսեցան ու շատ կարեւոր հարցեր դրին սեղանին վրայ։ Հոս ալ դարձեալ խօսք տրուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուին։
ԴԱՐՁԵԱԼ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ
Շիրինօղլու այս անգամ յիշեցուց որ Վարչապետին հետ առաջին անգամ հանդիպում մը ունեցած էր 2004ին։ Վարչապետը խոստացած էր լուծել բոլոր հարցերը, իսկ ինք չէր հաւատացած։ Բայց այդ օրէն ասդին մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրուեցան, նախապէս մեր հաստատութիւններէն ներս գամ մը անգամ չէինք կրնար գամել, մեր հաստատութիւնները կառավարելու կարգավիճակ չունէինք, միջոցներ կը պակսէին, իսկ հիմա իմ նախաձեռնութեամբ երկու եկեղեցի նորոգուեցաւ, երեք եկեղեցի հիմնական նորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Դեռ հարցեր կան որոնք վստահ եմ պիտի լուծուին, բայց ես պիտի խնդրէի որ քիչ մը արագացնէիք այս գործընթացը, հարցերը աւելի շուտ կարգադրուին։ Մեր դպրոցները հարցեր ունին, նիւթական դժուարութիւններ ունինք, եթէ մեր կալուածները վերադարձուին, օրինակ եթէ մեզի վերադարձուի Հիւանդանոցի դիմացի հողամասը, կը հանգստանանք, նիւթական հարցերը կը լուծենք։
ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Այս բոլորը իմանալէ վերջ Նախարար Պաղըշ խօսք առաւ ու ըսաւ որ այս հաւաքոյթը եղաւ շատ ուսուցողական։ Բոլորս ալ այս հողերը շատ կը սիրենք ու շնորհակալ եմ որ եկաք ու այսքան երկար ժամեր մտիկ ըրիք, ըսաւ Պաղըշ, որ արտասանեց շատ ծափահարուած նախադասութիւն մը. “Այսօրուան Թուրքիան երէկուան Թուրքիայէն աւելի լաւ է, բայց վաղուան Թուրքիան այսօրուանէն ալ աւելի լաւ պիտի ըլլայ”։
Նախարարը խօսք առնողներէն շատերուն պատասխանեց հետաքրքրական տուեալներով։ Մէկը գանգատած էր որ այս երկրին մէջ դատաւոր կամ քաղաքագէտ չենք կրնար ըլլալ, Նախարարն ալ յիշեցուց Եւրոմիութեան Յանձնախումբի համար ընտրուած Լէոն Հալէպլիի պարագան, որուն դէմ այդ օրուան մթնոլորտով արգելքներ դրուեցան, եւ երբ իրենք յաջողեցան մեկուսացնել այդ արգելքները, յիշեալ անձն ալ ուրիշ գործ գտած էր ու հրաժարեցաւ այս պարտականութիւնը ստանձնելէ։ Նախարարը ապա ըրաւ յանձնարարութիւն մը.. “Դուք ալ ձեր երիտասարդ սերունդները քաջալերեցէք որպէսզի քաջութիւնը ունենան այսպիսի ասպարէզներու նուիրուիլ ուզելու։ Եթէ Աղթամարը կամ Սումէլան տասը տարի առաջ ըլլար, բազմաթիւ հակազդեցութիւններ կը տեսնէինք, բայց հիմա որեւէ հակազդեցութիւն չունեցանք։
Ապա Նախարարը յիշեցուց որ խօսքը կը թռի, գիրը կը մնայ, ուրեմն ուզեց որ հայրենակիցները իրենց փափաքները գրաւոր կերպով ներկայացնեն իշխանութիւններուն։ Պատասխանելով գործընթացը քիչ մը արագացնելու մասին Շիրինօղլուի խնդրանքին, Պաղըշ ըսաւ որ արտակարգ արագութիւնն ալ վնաս կրնայ պատճառել։ Նախարարը իր խօսքերը աւարտին բերաւ անգամ մը եւս դիտել տալով որ հիմա այն շրջանն է երբ այլեւս բոլորս զիրար հասկնալ սկսանք։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հաւաքոյթը այս կերպով վերջացաւ։ Փոքրամասնութիւններու անունով Արամ Սրբազանի ձեռամբ յուշապնակ մը նուիրուեցաւ Նախարար Պաղըշին։ Ապա հրաւիրեալներու բազմութիւնը Մարմարա պանդոկի ճաշարաններէն մէկուն մէջ հրաւիրուեցաւ կէսօրուան ճաշի։ Նախարարը նստաւ կրօնապետներու ու համայնքներու ղեկավարներուն հետ։ Հրաւիրեալները հիւրասիրուեցան ամենաբարձր մակարդակով։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Leave a Reply