Թուրք նախարարին համաձայն՝ օտարները սկսած են «կատղեցնել»ու հայերը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ հաղորդակցութեանց նախարար Պինալի Եըլտըրըմ Կիրակի` Փետրուար 12-ին, արտասանեց խօսք մը, որ զարմանք ու ցաւ պատճառեց հայկական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ՝ յառաջադէմ մտաւորականութեան։

Նախարարը մասնակցած է Էրզինճանը ազատագրելու 94րդ տարեդարձին առթիւ կայացած մէկ ձեռնարկին եւ իր ելոյթին մէջ ըրած է տարօրինակ բաղդատութիւն մը։

«Ինչպէս այսօր, Ա Աշխարհամարտի նախորդող, ապա անոր յաջորդող շրջաններուն ալ կային արտաքին ուժեր, որոնք հայերը կը շփացնէին ու կը կատղեցնէին։ Անոնց նպատակն էր հայերու յարձակումներով այս երկիրը տկարացնել եւ Անատոլուի մէջ մեզի մնացած հողամասերն ալ բաժան-բաժան ընել։ Նոյն մտայնութիւնը այսօր ալ կը գործէ։ Ֆրանսայի մէջ, Զուիցերիոյ մէջ եւ տակաւին բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դժբախտաբար, կը գործադրուի հայկական բռնագրաւման մտայնութիւնն ու գործունէութիւնը»,- ըսած է հաղորդակցութեանց նախարարը։

Նախարար Եըլտըրըմ ըսած է, որ բռնագրաւուած ըլլալը թուրք ազգին վայել բան մը չէ ու այսուհետեւ այդպիսի բան մը երբե՛ք պիտի չպատահի։

Կարելի չէ հասկնալ, թէ նախարար Եըլտըրըմ ճշգրիտ կերպով ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ, որ «այսօր ալ կարգ մը օտար ուժեր կը շփացնեն ու կը կատղեցնեն հայերը»։

http://asbarez.com/arm/122738/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ