Թրքական նոր օրէնքին համաձայն` 13 քաղաքներ այս տարի ձեռք կը բերեն նոր կարգավիճակ` համարուելով «մեծ քաղաք»ներ:
Արդէն յայտնի են այդ քաղաքները, որոնց շարքին են նաեւ Վանը, Մալաթիան եւ Տրապիզոնը: Քաղաքներու ընտրութիւնը կախուած է քաղաքը ընդգրկող նահանգի բնակչութեան թիւէն, որ պէտք է գերազանցէ 750 հազարը:
Նշենք, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ 16 նահանգ «մեծ քաղաք» ունի: Չի բացառուիր, որ նման նահանգներու թիւը յետագային դարձեալ կ’աւելնայ:
Քաղաքներու այս նոր կարգավիճակը կ’անդրադառնայ նաեւ 2014ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ «Միլլիէթ»ը:
Leave a Reply