ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Գրողներու համաշխարհային միութիւնը (PEN), Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքային թեւ համարուող Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան դէմ սկսած դատական գործի շրջանակով, Պոլսոյ «Պելկէ» հրատարակչութեան ձերբակալուած սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօլուն եւ փրոֆ. Պուշրա Թրսանլըն ազատ արձակելու համար արշաւ սկսած է:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, թէ գրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենահին կազմակերպութիւններէն մէկը հանդիսացող PEN-ի Սկովտիոյ կեդրոնը կոչ ըրած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին՝ անմիջապէս ազատ արձակելու նշեալները, ինչպէս նաեւ Զարաքօլուի զաւակը՝ Տենիզը:
Այդ մասին կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Զարաքօլուները եւ Թրսանլըն իրենց գործունէութեամբ պարզապէս պաշտպանած են քիւրտերու տարրական իրաւունքները եւ ձերբակալուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թրքական օրէնքի կամայականութեանց պատճառով: Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, որ Գրողներու համաշխարհային միութիւնը 2003ին Զարաքօլուին «Խօսքի ազատութեան» շքանշան յանձնած է, իսկ 2008ին, Հրատարակիչներու միջազգային կազմակերպութիւնը «Անկախ հրատարակչութիւն» պարգեւը շնորհած է անոր եւ զայն ներկայացուցած է իբրեւ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու:
Նշենք, որ Զարաքօլու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորականներէն մէկն է, իսկ անոր հրատարակչատունը Հայոց Ցեղասպանութիւնը լուսաբանող շարք մը գիրքեր հրատարակած է:
Leave a Reply