Մտավախութիւն ունիմ, որ Սահմանադրական Խորհուրդի վրայ մեծ ճնշում կը գործադրուի. Վալերի Պոյեր

Nouvelles d’Armenie պարբերականը հարցազրոյց ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյերի հետ:

Nouvelles d’ArmenieԱյս հարցին մէջ ի՞նչը ձեզի ամենաշատը զարմացուց:

Վալերի ՊոյերՄենք այստեղ ենք համընդհանուր խնդիր մը առաջ տանելու համար: Աւելի քան տասը տարի է,մենք կը խօսինք այս թեմայով, եւ ես անակնկալի եկայ, երբ այս հարցը ներկայացուեցաւ Սահնանադրական խորհուրդ՝ բողոքարկելու համար: Օրինակ` իմ կարծիքովս օտարերկրացիներու ընտրութեան իրաւունքը շատ աւելի վրդովեցուցիչ հարց է, քան այս մէկը: Այսինքն` մենք քաղաքացիներու տարբեր դասակարգումներ ունի՞նք: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի պետութեան ազգային արժէքներու հաստատման: Ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան համար մենք քուէարկած ենք ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի օգտին: Ես չեմ հասկնար, փաստօրէն մենք հաւասարութեան սկզբունքի շղարշի տակ արգելափակուած ենք ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ անհաւասար վերաբերումով: Յոյս ունիմ, որ հակառակ ամէն ինչի, Սահմանադրական խորհուրդը կը հաստատէ մեր այս մօտեցումը:

Nouvelles d’Armenie Ձեր կարծիքով ի՞նչ տեղի կ’ունենար, եթէ օրէնքը չընդունուէր:

Վալերի Պոյեր Այդ պարագային մենք դարձեալ կը սկսէինք:

Nouvelles d’Armenie: Արդեօ՞ք օրէնքի ընդունումէն ետք կրցած էք խօսիլ Նիքոլա Սարքոզիի հետ:

Վալերի Պոյեր Անձամբ` ոչ, բայց այսօր գլխաւոր քարտուղարութիւնը կը սպասէ Սահամնադրական խորհուրդի որոշման: Կարծեմ խորհուրդի դատաւորներն այնպիսի մարդիկ են, որոնք ճիշդ տեսանկիւնէ կը մօտենան հարցին, այլ ոչ թէ յիշատակի յարգանքի կեղծ բանավէճի տեսանկիւնէն, որ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովին: Այսօր առաւօտեան ես նոյնիսկ մասնակցած եմ ալճերիացիներու սպանդի յիշատակը յարգելու մասին օրինագիծի քուէարկութեան եւ անակնկալի եկայ, երբ տեսայ իմ այն գործընկերներս, որոնք բողոքարկած էին ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Մեզի կը մնայ հետեւիլ, թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները, բայց մտավախութիւն ունիմ, որ Սահմանադրական խորհուրդին վրայ մեծ ճնշում կը գործադրուի:

Nouvelles d’Armenie Ի՞նչ կ’ըսէք այն հարցի շուրջ, որ միայն 2001 եւ 2012ի օրէնքները ուժը կորսնցուցած ճանչցուին:

Վալերի Պոյեր Այդ պարագային անհաւասարութիւն կ’ըլլայ եւ մենք կը դիմենք Եւրոպական արդարադատութեան դատարան:

http://tert.am/hy/news/2012/02/09/valeryboyer/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ