Nouvelles d’Armenie պարբերականը հարցազրոյց ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյերի հետ:
Nouvelles d’Armenie– Այս հարցին մէջ ի՞նչը ձեզի ամենաշատը զարմացուց:
Վալերի Պոյեր– Մենք այստեղ ենք համընդհանուր խնդիր մը առաջ տանելու համար: Աւելի քան տասը տարի է,մենք կը խօսինք այս թեմայով, եւ ես անակնկալի եկայ, երբ այս հարցը ներկայացուեցաւ Սահնանադրական խորհուրդ՝ բողոքարկելու համար: Օրինակ` իմ կարծիքովս օտարերկրացիներու ընտրութեան իրաւունքը շատ աւելի վրդովեցուցիչ հարց է, քան այս մէկը: Այսինքն` մենք քաղաքացիներու տարբեր դասակարգումներ ունի՞նք: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի պետութեան ազգային արժէքներու հաստատման: Ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան համար մենք քուէարկած ենք ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի օգտին: Ես չեմ հասկնար, փաստօրէն մենք հաւասարութեան սկզբունքի շղարշի տակ արգելափակուած ենք ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ անհաւասար վերաբերումով: Յոյս ունիմ, որ հակառակ ամէն ինչի, Սահմանադրական խորհուրդը կը հաստատէ մեր այս մօտեցումը:
Nouvelles d’Armenie– Ձեր կարծիքով ի՞նչ տեղի կ’ունենար, եթէ օրէնքը չընդունուէր:
Վալերի Պոյեր– Այդ պարագային մենք դարձեալ կը սկսէինք:
Nouvelles d’Armenie: Արդեօ՞ք օրէնքի ընդունումէն ետք կրցած էք խօսիլ Նիքոլա Սարքոզիի հետ:
Վալերի Պոյեր– Անձամբ` ոչ, բայց այսօր գլխաւոր քարտուղարութիւնը կը սպասէ Սահամնադրական խորհուրդի որոշման: Կարծեմ խորհուրդի դատաւորներն այնպիսի մարդիկ են, որոնք ճիշդ տեսանկիւնէ կը մօտենան հարցին, այլ ոչ թէ յիշատակի յարգանքի կեղծ բանավէճի տեսանկիւնէն, որ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովին: Այսօր առաւօտեան ես նոյնիսկ մասնակցած եմ ալճերիացիներու սպանդի յիշատակը յարգելու մասին օրինագիծի քուէարկութեան եւ անակնկալի եկայ, երբ տեսայ իմ այն գործընկերներս, որոնք բողոքարկած էին ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Մեզի կը մնայ հետեւիլ, թէ ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները, բայց մտավախութիւն ունիմ, որ Սահմանադրական խորհուրդին վրայ մեծ ճնշում կը գործադրուի:
Nouvelles d’Armenie– Ի՞նչ կ’ըսէք այն հարցի շուրջ, որ միայն 2001 եւ 2012ի օրէնքները ուժը կորսնցուցած ճանչցուին:
Վալերի Պոյեր– Այդ պարագային անհաւասարութիւն կ’ըլլայ եւ մենք կը դիմենք Եւրոպական արդարադատութեան դատարան:
http://tert.am/hy/news/2012/02/09/valeryboyer/
Leave a Reply