Եթէ Թուրքիան իր պատմութիւնը դարձեալ աչքէ անցնէ, յարգանք կը շահի. Նիքոլա Սարքոզի

Ֆրանսայի հրեաներու ներկայացուցչական խորհորուրդի (CRIF) աւանդական ճաշկերոյթին խօսք առնելով՝ Ֆրանսային նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հրեական Ողջակիզումը եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դիտարկած է նոյն պարունակին մէջ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Միլլիէթ» թերթը:

Սարքոզի ըսած է, որ հրեաներուն դէմ իրագործուած խտրականութիւնն ու վիրաւորանքը 65 միլիոն ֆրանսացիին հարցն է: «Թուրքիա մեծ երկիր է, մեծ քաղաքակրթութիւն, բայց ամբողջական իմաստով մեծ ըլլալու համար պէտք է իր պատմութեան հետ դէմ յանդիման կանգնի: Բոլորը պէտք է իրենց պատմութեան ե՛ւ լուսաւոր, ե՛ւ մութ կողմերը միաժամանակ տեսնելու կարողութիւնը ունենան»,- ըսած է ան:

Ան աւելցնելով ըսած է, թէ Ֆրանսան միշտ վատ վերաբերումի արժանացած ժողովուրդներուն կողքին եղած է: «Ասոր մասին կ’ուզեմ մտածէք. Եթէ մեր երկիրը գոյութիւն ունեցող ցեղասպանութեան մը փաստը ժխտէ, օր մըն ալ Հրեական Ողջակիզումը մերժելու փաստին դէմ յանդիման գալու պատրաստ եղէք: Մենք ասիկա ոչ թէ պատահականութեան, այլ սկզբունքի հարց կը տեսնենք: Եթէ Թուրքիան իր պատմութիւնը դարձեալ աչքէ անցնէ, յարգանք կը շահի: Ասիկա կ’ըսեմ երկրի մը, որ Ֆրանսայի բարեկամ կը համարեմ», – ըսած է Սարքոզի:

http://tert.am/hy/news/2012/02/10/sarkozi/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ