75 միլիոնի հասած Թուրքիոյ բնակչութեան աւելի քան կէսը 30 տարեկանէն փոքր է

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան համաձայն` երկրի բնաչկութեան թիւը վերջին մէկ տարուան ընթացքին աւելցած է մէկ միլիոնով եւ հասած 74,724,000ի: Յատկանշական է, որ այս թիւին կէսէն աւելին 30 տարեկանէն փոքր է։

Նաեւ այրերու եւ կիներու թիւերը գրեթէ հաւասար են։ Այրերուն թիւին համեմատութիւնը 50.2 առ հարիւր է, իսկ կիներունը՝ 49.8 առ հարիւր։ Թուրքիոյ բնակչութեան 18 առ հարիւրը (13.5 միլիոնը) կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ, որուն կը յաջորդեն Անգարան, Իզմիրը, Պուրսան եւ Ատանան։ Թուրքիոյ նուազագոյն բնակչութիւնը ունեցող քաղաքը Բաբերդն է։ Պոլսոյ մէջ մէկ քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան վրայ կ՛ապրի միջին հաշուով 2622 հոգի։

http://asbarez.com/arm/122307/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ