Կ.Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն ետք՝ Մալաթիոյ քաղաքի (Թուրքիա) իշխանութիւնները համաձայնած են վերակառուցել Մալաթիոյ հայկական գերեզմանոցին կից համալիրը (անիկա պէտք է ծառայէր իբրեւ մատուռ, պահակատուն, հանգուցեալները լուալու վայր), որ քանի մը օր առաջ հողին հաւասարեցուած էր:
Hurriyetdailynews.com կայքի հետ զրոյցին՝ Մալաթիոյ հայերու բարեգործական միութեան նախագահ Խոսրով Քէոլէտաւիթօղլու ըսած է, որ իրենք ակնդէտ պիտի հետեւին վերակառուցման աշխատանքներուն: «Այդ համալիրը մենք կառուցած էինք Սթամպուլի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող մալաթիացիներէն հաւաքուած գումարներով: Համալիրը քանդուեցաւ, երբ շինարարական աշխատանքները կը մօտենային գրեթէ աւարտին: Մենք պիտի երթանք մինչեւ վերջ»,- ըսած է ան:
Փետրուար 3ին յայտնի դարձաւ, որ քանդուած է Մալաթիոյ հայկական գերեզմանոցին կից համալիրը: Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները աւելի ուշ յայտարարեցին, թէ սխալմունք տեղի ունեցած է. իրենք, շրջանի բնակիչներու բողոքներուն հիման վրայ, հրահանգած են քանդել պահակակէտը (պատճառաբանելով, որ ան յարմար վայրի մէջ տեղակայուած չէ), վերացնող խումբը, սակայն, «սխալ հասկնալով» հրահանգը, քանդած էր ամբողջ համալիրը:
http://tert.am/hy/news/2012/02/07/malatia/?sw
Leave a Reply