Հսկայ ընկերութեանց եւ պետութիւններու համացանցային կայքերուն վրայ յարձակումներու միջոցաւ ընկերային արդարութեան համար պայքար տանող «Anonymous» խմբաւորումը յայտարարած է, թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան գործողութիւն» անունով շարժումի մը նախաձեռնած է՝ պարտադրելու համար Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ պատմական այս իրականութիւնը ճանչնան: Խմբաւորման տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` «OpArmGenocide» անունով ծանօթ շարժումը սկսած է Յունուար 25ին: Հոն կը խօսուի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ իրականացուած բարբարոսութիւններուն մասին, եւ կը շեշտուի, թէ յարձակումներու պիտի դիմեն՝ ընդդէմ թրքական եւ ամերիկեան պաշտօնական կայքերու:
Յարձակումները պիտի շարունակուին մինչեւ Թուրքիան պաշտօնապէս ընդունի իր մեղաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, իսկ Միացեալ Նահանգները՝ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:
Յայտնենք, թէ Յունուար 27ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը ժամանակաւորապէս խանգարուած էր, սակայն յստակ չէ, եթէ խանգարումը կապուած է այս գործողութեան հետ:
Leave a Reply