Անգարայի աւելորդ խստութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով առաւել կը բարդացնէ Թուրքիոյ վիճակը. Կռիլով

Ռուսաստանի Կովկասագէտներու գիտական ընկերութեան նախագահ Ալեքսանդր Կռիլով, ատրպէյճանական 1news.az կայքի հետ զրոյցին անդրադառնալով Ֆրանսայի խորհրդրանի կողմէն ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի բողոքարկման, կարծիք յայտնած է, որ այդ հայցը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չբաւարարուի:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Յունուար 23ին ձայներու 127 կողմ եւ 86 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը (օրինագիծը կը վերաբերի Ֆրանսայի կողմէ ճանաչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման: Ֆրանսան Հայոց ցեղասպանութենէն բացի ճանչցած է նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը` Հոլոքոստը, որուն ժխտումը արդէն իսկ քրէականացուած է Ֆրանսայի մէջ):

Օրինագիծին դէմ հանդէս եկած խորհրդարանականները, անոր սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նպատակով, Յունուար 31ին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդ դիմում ներկայացուցին (դիմումի տակ ստորագրած էին խորհրդարանի վերին պալատի` Ծերակոյտի 76 եւ ստորին պալատի` Ազգային ժողովի 65 խորհրդարանականները):

«Թէ ինչպիսին կ’ըլլայ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը, դժուար է կանխատեսել: Իմ կարծիքովս, սակայն, առաւել հաւանական է, որ պատասխանը բացասական կ’ըլլայ, եւ անոր համար երկու պատճառ կայ. առաջինը այն է, որ այդ օրէնքը կ’առնչուի երկու ցեղասպանութիւններու, եւ օրէնքի չեղեալ յայտարարումը պիտի նշանակէ նաեւ Ֆրանսայի դիրքորոշման փոփոխութիւն Հոլոքոստի (հրեաներու ցեղասպանութեան) հանդէպ, ինչը դժուար է պատկերացնել: Երկրորդը այն է, որ այդ հարցը ոչ միայն իրաւաբանական, այլեւ քաղաքական հարթութիւն ունի. եթէ Սահմանադրական խորհուրդը չեղեալ յայտարարէ Ֆրանսայի Ծերակոյտի որոշումը, անիկա շատ անբարենսպատ կերպով կ’ազդէ Սարքոզիի նախընտրական հեռանկարներուն վրայ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ թեկնածուները պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերեն այս հարցին շուրջ, քանի որ Ծերակոյտի կողմէ ընդունուած օրինագիծի դէմ անոնց գործուն քննատութիւնը կը յանգեցնէ անոր, որ հայ համայքը միաձայն քուէարկէ ներկայ նախագահի օգտին»,-ըսած է Կռիլով:

Վերլուծաբանի կարծիքով ստեղծուած իրավիճակի մէջ Անգարան երկու բան կրնայ ընել` կամ պատժամիջոցներ կիրառել բոլոր այն երկրներու նկատմամբ, որոնք կը ճանչնան հայերու ցեղասպանութիւնը, ինչը, սակայն, ըստ վերլուծաբանի, խնդիրներ կը ստեղծէ, կամ վերադառնալ ցեղասպանութեան այսպէս կոչուած «փափուկ ճանաչման» քաղաքականութեան, «Ինչը կը նշանակէ, որ Թուրքիան կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հայերու ցեղասպանութիւնը (ոչ թէ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս շատերը կը կարծեն), եւ անոր դիմաց յստակ երաշխիքներ կը ստանայ առ այն, որ իր նկատմամբ նիւթական կամ տարածքային պահանջներ պիտի չներկայացուին, գլխաւոր խնդիրն ալ այն է, եւ ներկայիս Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը ձգտի զայն լուծել ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու ճանապարհով»,-ըսած է ան:

Կռիլով ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասապանութեան հարցի առնչութեամբ Անգարայի աւելորդ խստութիւնը կրնայ աւելի բարդացնել Թուրքիոյ իրավիճակը միջազգային ասպարէզէն ներս: «Ոչ հեռու անցեալին Անգարայի դիրքորոշումը այդ հարցի վերաբերեալ աւելի ճկուն էր. ան կը նախընտրէր չնկատել տարբեր պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, կամ շատ բուռն չարձագանգել: Իսկ վերջին 10 տարիներու ընթացքին Անգարայի որդեգրած ընդգծուած խիստ դիրքորոշումը որեւէ դրական արդիւնք չէ տուած: Կարծեմ, որ խելամիտ կ’ըլլայ վերադառնալ «փափուկ ճանաչման» տարբերակին, կամ գոնէ սկսած է նման տարբերակի քննարկումը:

Վերլուծաբանը նաեւ նշած է, որ վերոյիշեալ օրինագիծի շուրջ զարգացումները որեւէ կերպ պիտի չազդեն Հարաւային Կովկասի մէջ, ԼՂ հակամարտութեան գօտիի մէջ ուժերու յարաբերակցութեան վրայ:

http://tert.am/hy/news/2012/02/06/krilov/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ