Հրանդ Տինքի սպանութեան համար մեղադրեալ Էրհան Թունճել սպանութեան գծով անպարտ ճանչցուած էր դատարանին կողմէ: Ազատ արձակուելէն ետք վերջինս ըրած է հետաքրքրական յայտարարութիւններ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը` միջբերելով Էրհան Թունճելի` «Սթար» թերթին տուած հարցազրոյցը:
Ըստ «Ռատիքալ»-ի՝ Թունճել ըսած է, որ ազգայնամոլները կառավարութիւնը նեղ կացութեան մատնելու համար Տինքը թիրախ ընտրեցին:
Տինքի դատավարութեան ««զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չկայ» որոշումին համաձայն` 19 օր առաջ ազատ արձակուած Էրհան Թունճել ըսած է. «Եասին Հայալ Mc Donaldը ռմբակոծելու համար բատարկութենէն առաջ այդպիսի (Տինքը սպաննելու) միտք չունէր: Տրապիզոնի մէջ բանտարկուած ատեն Հայալ ղրկուեցաւ Սթամպուլի հոգեբուժարան: Այցելուները Հայալը պատրաստեցին Տինքի սպանութեան համար (դատարանը պահանջած էր հոգեբուժարանին մէջ Հայալը այցելողներուն ցանկը, որ այդպէս ալ չներկայացուցուեցաւ դատարանին): Հայալի բանտ գտնուելուն ընթացքին անոր այցելողներու շարքին եղած է էրկենեքոնի համար բանտարկութեան մէջ գտնուող Վալի Քուչուք:
Թունճել նաեւ այլ պնդումներ ըրած է. «Եասին Հայալին յաճախ Տրապիզոնի ոստիկանութիւն երթալուն պատճառը ի՞նչ էր: Տրապիզոնի ոստիկանութեան վեց անդամները ինչո՞ւ դատավարութեան չբերուեցան: Տրապիզոնի այն ժամանակուան ոստիկանութեան պետ Ռէշաթ Ալթայ մինչեւ չխօսի, այս սպանութիւնը պիտի չլուսաբանուի: Գործողութեան հրաման տուողն ալ Ալթայը պէտք է ըլլայ: Այս ոստիկանութեան անդամներուն ծանօթ էր նոյնիսկ Օկիւն Սամասթը: Բայց ոչ մէկը դատարան չբերուեցան: Հարցաքնութեան թղթածրարը կիսատ մնաց: Հեռահաղորդակցութեան նախարարութեան (TİB) տրամադրած տեսախցիկին արձանագրութեան մէջ երկու հոգիի խօսակցութեան ընթացքին մէկուն բարեւելուն ձեւը (կրունկին զառնելով) ուշադրութիւն գրաւեց»:
Leave a Reply