«Թուրքիա Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայերէն, Եթէ Ապացուցեն Ցեղասպանութեան Փաստը . Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշը յայտարարած է, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան` փաստերով ապացուցման պարագային Թուրքիա ներողութիւն կը խնդրէ հայերէն»:

Ինչպէս կը հաղորդէ անգլերէն Todayszaman.com կայքը, Պաղըշ նման յայտարարութեամբ հանդէս է եկած է արաբական Al Jazeera հեռուստաալիքի հետ զրոյցի ժամանակ:

Լրագրողի այն հարցին, թէ Թուրքիան կը ճանչնա՞յ արդեօք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թուրք պաշտօնեան ըսած է. «Եթէ դա (Հայոց Ցեղասպանութիւնը) պատմականօրէն եւ գիտականօրէն, եւ որ աւելի կարեւոր է, միաձայն ճանցչուի իբրեւ իրական փաստ, ապա ինչու ոչ»:

Ապա Պաղըշ աւելցուցած է, թէ իբր իւրաքանչիւր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մութ պահեր կան. «Կրնա՞ք նշել ժողովուրդ մը, որ իր պատմութեան մէջ չունենայ մութ էջեր կամ ցաւ»:

Թուրք պաշտօնեան նշած է նաեւ, որ թրքական կողմը պատմութեան արխիւները բանալու եւ ուսումնասիրութիւն իրականացնելու առաջարկով դիմած էր հայկական կողմին, որ, սակայն, մերժուած էր: «Ցաւօք սրտի, Հայաստանի կառավարութիւնը խիզախութիւն չունեցաւ ընդունելու այդ առաջարկը»,-յայտարարած է ան:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականցնող օրինագիծի ընդունման` Պաղըշ ըսած է, թէ անիկա Թուրքիոյ համար «ոչինչ է»:

http://tert.am/hy/news/2012/02/06/baghysh/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ