Տինքի սպանութեան հարցով ամբաստանեալը նոր պաշտօնի կը նշանակուի

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս»- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով ամբաստանեալներէն մէկը հանդիսացող ոստիկանութեան ռազմավարական վարչութեան պետ Ռամազան Աքիւրեք, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինի հրամանով, նշանակուած է Ապահովական ուժերու տնօրինութեան տեսչական խորհուրդի նախագահ, մինչ Տինքի ընտանիքն ու բարեկամները ցարդ անլոյծ մնացող ոճիրին բոլոր պատասխանատուները պատժելու կոչ կ՛ընեն:

Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը նշէ, որ պաշտօնի այդ բարձրացումով, Աքիւրեք փաստօրէն պիտի վարէ ապահովութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալին հաւասար պաշտօն մը:

Նշենք, որ Յունուար 19, 2007ին տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան օրերուն, Աքիւրեք Տրապիզոնի ոստիկանապետն էր, եւ հարցաքննութեանց ընթացքին կասկածեալներ ու վկաներ յայտնած էին, թէ Աքիւրեք նախապէս տեղեակ եղած է Տինքի նկատմամբ մահափորձ կազմակերպուելու մասին:

http://asbarez.com/arm/121837/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ