Սամաթիոյ Ալթըմէրմէր Սուրբ Յակոբ Գլխադիր եկեղեցին վերաբացուեցաւ

Վերաբացուեցաւ Սամաթիոյ Ալթըմէրմէր Սուրբ Յակոբ Գլխադիր եկեղեցին, որ վերանորոգման աշխատանքի պատճառաւ շրջան մը դադրած էր պաշտամունքի ծաոայելէ։ 28 Յունուարին Արամ Սրբազան Աթէշեանի եւ այլ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ օծման արարողութիւն, ու եկեղեցին բացուեցաւ հաւատացեալներուն աոջեւ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը։

Եկեղեցւոյ նորոգութեան ծախսերը ստանձնած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ իր այս նուիրատւութիւնը ձօնելով իր հօր՝ Յակոբ Շիրինօղլուի անուան յիշատակին։

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիր տեղեկութիւններ փոխանցեց նորոգութեան աշխատանքներուն մասին՝ նշելով, որ 1839-ին կառուցուած եկեղեցին նախապէս եւս քանի մը անգամ վնասուած էր հրդեհներու պատճառով ու նորոգուած։ «Վերջին անգամ նորոգուած էր 1984-ին։ Իսկ այս վերջինը մինչեւ օրս կատարուած ամենածաւալուն նորոգութիւնն է»,- ըսաւ Եսայի Տէմիր։

Նորոգութեան ընթացքին վերակառուցուած է կքած տանիքը եւ եկեղեցւոյ պատերուն ծեփը վար առնելով՝ գոյացած է աղիւսաւոր պատի պատմական տեսքը։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք՝ իրեն նուիրուած յուշատախտակը ստանալու պահուն, բարերար Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, թէ օրուան խորհուրդին առիթով կը յիշատակէ բոլոր ողբացեալ Յակոբներուն անունները։

http://tert.am/hy/news/2012/02/02/samtya/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ