ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին դարձեալ երկար ու տարբեր մարդոց հասցէին յարձակողական ճառախօսութիւն մը ըրաւ իր կուսակցութեան ընդլայնուած ժողովներէն մէկուն մէջ։ Վարչապետը մասնաւոր կերպով կանգ առաւ ամերիկացի գրագէտ Փօլ Օսթերի վրայ, որուն մէկ գիրքը՝ «Ձմեռնային Օրագիր», վերջերս թրքերէնով հրատարակուեցաւ։
Օսթեր անցեալ շաբաթ «Հիւրրիյէթ»ի մէջ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, որ ինք կը մերժէր երթալ այն երկիրները, ուր ժողովրդավարական կարգերը հաստատուած չեն տակաւին։ «Այս պատճառաւ ո՛չ Թուրքիա կ՛երթամ, ո՛չ ալ Չինաստան։ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ լրագրողներ ու գրողներ բանտարկուած են, ու ես կը մերժեմ Թուրքիա երթալ», ըսած էր ան։
Էրտողան հեգնական նախադասութիւններով պատասխան տուաւ Օսթերին ու ըսաւ. «Հա՛, մենք քեզի շատ պէտք ունէինք, ինչո՞ւ չեկար, աման եկո՛ւր, ինչ կ՛ըլլայ եկո՛ւր… Եթէ գայ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ չգայ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Թուրքիա իր բարձրութի՞ւնը պիտի կորսնցնէ, ցա՞ծ պիտի իջնէ։ (Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ) Քըլըճտարօղլուն ալ տէր կանգնած է այս գրողին խօսքերուն, ու ըսած է, որ կը տեսնէ բաներ, զորս կարգ մը անձեր չեն տեսներ։ Ի՛նչ լաւ, ահաւասիկ սանը ինկեր է ու գտեր է իր կափարիչը»։
Էրտողան ապա յիշեցուց, որ Թուրքիա գալը մերժող ամերիկացի այս գրողը, երկու տարի առաջ Իսրայէլ գացեր է։ «Իսրայէլը շա՞տ ժողովրդավար երկիր է, Իսրայէլը իսկապէս աշխարհի՞կ երկիր է», հարց տուաւ Էրտողան՝ անգամ մը եւս իր քննադատութեան սլաքները ուղղելով դէպի Իսրայէլ։
Յայտնենք, թէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քըլըճտարօղլու, Փետրուար 1ին խստօրէն քննադատած էր Էրտողանը՝ անոր վարած քաղաքականութիւնը «անջատողական» որակելով: Անդրադառնալով Էրտողանի կատարած այն յայտարարութեան, թէ՝ ներկայ իշխանութիւնները «կրօնական հասարակութիւն» կը մեծցնեն՝ Քըլըճտարօղլու հարց տուած է, թէ արդեօք մինչ այդ թուրքերը անկրօ՞ն էին: Ընդդիմադիր առաջնորդը զարմանք յայտնած է անոր համար, որ հանրապետութեան վարչապետ մը ինչպէ՞ս կրնայ նման յայտարարութիւն մը ընել: «Այս մէկը անջատողականութիւն է: Նման բան ըսելէ ետք, ան այլեւս վարչապետի աթոռին պէտք չէ նստի», նշած է ընդդիմադիր առաջնորդը եւ հերթական անգամ ըլլալով Էրտողանը կոչած է «կրօնի վաճառական»:
Leave a Reply