Սարքոզի չ՛արտօներ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոտնահարել

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահը չ՛արտօներ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ոտնահարել: Ֆրանսական «Նուվել տ՛Արմէնի»ի համաձայն, այս պատասխանը ստացած է Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներէն մէկը, որ պաշտօնական նամակ յղած է նախագահական պալատ՝ խնդրելով դիւրացնել նախագահին կողմէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը։

«Ֆրանսայի նախագահը վճռական է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը ժխտողականութեան ոտնահարումէ պաշտպանելու գծով», կը նշուի նախագահական պալատէն ուղարկուած պաշտօնական պատասխանին մէջ: Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Ֆրանսայի նախագահը յանձնառու է հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման՝ հաստատելով, որ այս կապերը առաւել եւս կ՛ամրապնդուին Ֆրանսայի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն ունեցած անգնահատելի ներդրումով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2012
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
272829  

Արխիւ