Պաշտօնական Անգարան ողջունած է Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նպատակով Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու ֆրանսացի ծերակուտականներու որոշումը:
Այսօր յայտնի դարձաւ, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ օրեր առաջ ընդունուած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին սահմանադրականութիւնը որոշելու նպատակով Սահմանադրական խորհուրդ դիմում ներկայացուած է (անհրաժեշտ 60 ստորագրութեան փոխարէն 72 ծերակուտական ստորագրութիւն հաւաքուած է):
«Բազմադարեայ ժողովրդավարական աւանդոյթներ ունեցող երկրի խորհրդարանականները ճիշտ քայլ կատարեցին` ի պաշտպանութիւն իրենց արժէքներուն»,– ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ա.Կիւլ:
Թուրքիայի վարչապետ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, թէ ֆրանսացի ծերակուտականները Ֆրանսայի ժողովրդավարական աւանդոյթներուն համապատասխանող քայլ ձեռնարկած են:
Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլու նշած է, թէ ֆրանսացի ծերակուտականները, սահմանադրական խորհուրդ դիմելով, «կը պաշտպանեն իրենց երկրի պատմական արժէքները»: Ան աւելցուցած է, թէ Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի օրինագիծին շուրջ զարգացումներուն եւ կ’ակնկալէ, որ Սահմանադրական խորհուրդը արդարացի որոշում կայացնէ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 23 Յունուարին ձայներու 127 կողմ եւ 86 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունեց Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը (օրինագիծը կը վերաբերի Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման: Ֆրանսան, Հայոց Ցեղասպանութենէն բացի, ճանչցած է նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը` Հոլոքոստը, որուն ժխտումը արդէն իսկ քրէականացուած է Ֆրանսայի մէջ):
Նոր օրինագիծին համաձայն` Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն կը սպառնայ 1 տարուան ազատազրկում եւ 45.000 եուրօ տուգանք:
Ծերակոյտին մէջ օրինագիծին քուէարկութենէն առաջ Էրտողան յայտարարած էր, թէ օրինագիծի ընդունումը շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ թուրք–ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն վրայ:
Պաշտօնական Անգարան այժմ կը յայտարարէ, թէ կը սպասէ վերոնշեալ օրինագիծին շուրջ զարգացումներուն եւ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկէ վերջնական որոշումէն ետք:
Leave a Reply