Ամբողջ Թուրքիան մատնուած է ընկերաքաղաքական ճգնաժամի մէջ։ Կարելէ չէ եղած հասարակական կամք մը գոյացնել երկիրը յուզող լուրջ խնդիրներուն լուծում մը գտնելու համար։ Քրտական զինեալ ապստամբութեան դէմ որդեգրուած սխալ ռազմավարութիւնը այսօր իսկապէս հասած է անջատողական մերձեցումներու։ Պետութիւնը ապահովութեան նախապաշարումով դրդուած անվարան սպաննած է իր հայրենակիցները։ Մինչդեռ, նոյն պետութեան վարիչները որքան ծանր մեղադրանքներ կը տեղացնէին հարեւան երկրի Սուրիոյ իշխանութեան նման դաժանութիւններուն նկատմամբ։ Իրաւ ալ անյաջող եղած է Թուրքիոյ տարածքաշրջանին մէջ գլխաւոր դերակատար դառնալու մարմաջը։ Յոռետեսութիւն չէ ակնկալել, որ 2012ը խաղաղ տարի մը պիտի չըլլայ մեր երկրին համար։
Դիտելով Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած շնորհաւորական ընդունելութենէն ետք պատահածները, նման կանխագուշակումը ի զօրու է նաեւ Թուրքիոյ փոքր մէկ օրինակը հանդիսացող թրքահայութեան համար եւս։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ այսքան բարձրաձայն ներկայացուեցան այն խնդիրները, զորս պէտք էր շատ աւելի կանուխ եւ շատ աւելի հզօր ձայնով աղաղակել։
Թրքական քաղաքական ռազմավարութենէն ազդուած երկրին հայ հասարակութիւնն ալ, մանաւանդ այս հասարակութեան կարգ մը վարչայինները, սիրեցին երեք կապիկներու խաղը բեմադրել։ Կարծեցին թէ լռութեամբ կարելի է անգոյ համարել սխալները։ Աղբը աւլեցին գորգին տակ, առանց խորհելու, որ եթէ նոյնիսկ չտեսնուի, հոտը կը մատնէ այդ աղբին գոյութիւնը։
Բայց նախորդ Ուրբաթ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Մելքոն Գարաքէօսէ վերցուց գորգը եւ աղբը տեսանելի դարձուց բոլորին։ Յաջորդ օր՝ քաղաքիս հայ մամուլը՝ փոխանակ պարզուած աղբին մասին մեկնաբանութիւն յայտնելու՝ նախընտրեց պարոն Գարաքէօսէի ակնարկութիւնները մեղադրական ոճով մեկնեբանել։ Այդ պահուն գործածեց աւանդապաշտ ոճ մը, բողոքարկուին ելոյթը խորագիրին մէջ իսկ «Համայնքային տխուր անդրադարձ» կոչելով։
Լրատւութեան մէջ յստակօրէն կը տեսնուի գորգին տակը աւլուած աղբին հրապարակումէն գոյացած անհանգստութիւնը։ Մինչեւ այսօր նման քննադատութիւններ ներկայացնողները պահպանողական շրջանակներու կողմէ հասարակութեան կը ներկայացուէին իբրեւ «պատեհապաշտներ»։Այս անգամ քննադատութիւնը եկած էր համակարգի ներկայացուցիչներէն համարուող անձէ մը։ Մելքոն Գարաքէօսէի անունը հայատառ մամուլին մէջ միշտ յիշուած էր «մեր աղգայիններէն» մակդիրով։ Ան, իբրեւ բազմամեայ վարչական, պաշտօնավարած էր Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի կամ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութենէն ներս։ Շատ անգամ իրեն յանձնուած էր կառավարական մարմիններու հետ շփումներու պահուն հոգեւորականներուն ընկերակցելու պարտականութիւնը։ Վերջին հաշուով՝ կարելի է ըսել, որ Մելքոն Գարաքէօսէ թրքահայ հասարակութեան մէջ արդարացուցած է իրեն վերագրուած դերակատարութիւնը եւ յաջողած է բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութեան ճամբաներ գտնել։
Ւսկ այժմ, ինչպէս որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը դժուարանան երկրի ընդհանուր խնդիրներուն մէջ համերաշխ լուծումներ գտնել, նոյնպէս թրքահայերն ալ օրըստօրէ կը հեռանան համերաշխութեան գետին գոյացնելու հնարաւորութենէն։
Իրարու նկատմամբ համակրանք ցուցաբերող վարչապետ էրտողանի եւ պետութեան նշանակած Պատրիարքի փոխանորդին համար դժուար տարի մը պիտի ըլլայ 2012ը։
Բագրատ Էսդուգեան
«Ակօս»
Leave a Reply