Քիւրտ կինը մարմնական ծանր վնասուածքներ ստացած է՝ թրքերէն չիմանալու պատճառով

Թուրքիոյ մէջ իրաւապահները փողոցին մէջ կրակ բացած են թրքերէն չիմացող կնոջ մը վրայ, որուն հետեւանքով կինը ստացած է մարմնական ծանր վնասուածքներ եւ տեղափոխուած հիւանդանոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ քրտական “Ֆըրաթ” գործակալութիւնը, դէպքը տեղի ունեցած է Բինկէօլի մէջ: Իրաւապահները Կիւլիստան Թոսուն անունով 30ամեայ կնոջ հրահանգած են կանգնիլ: Սակայն կինը թրքերէն չիմանալու պատճառով չէ հասկցած, թէ իրաւապահները ինչ կ’ուզեն եւ շարունակած է իր ճանապարհը: Թուրք ոստիկանները կրակ բացած են Կիւլիստանի ուղղութեամբ:

Թրքական մամուլը արդարացած է իրաւապահներու գործողութիւններուն` նշելով, թէ քիւրտ կինը եղած է մահապարտ ահաբեկիչ:
 

 30.09.2011

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ