ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին նախատեսուած Օսմանեան զինուորական նուագախումբի քայլարշաւի օրինակով ցուցադրական արարքը, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին անակնկալօրէն ջնջուեցաւ, երբ զայն կազմակերպող թուրք-ամերիկեան «Փասիֆիքա» հիմնարկը որոշեց վերադարձնել քայլարշաւին համար իր ստացած արտօնագիրը, ըստ Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան տուեալներուն:
Վերոյիշեալ հիմնարկը կը գործէ թրքական «Կիւլեն» շարժումի հովանիին տակ ու կազմակերպիչն է նաեւ «Անատոլիական փառատօնին», որ Հոկտեմբեր 8-9 շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ըրվայնի մէջ: Յիշեցնենք նաեւ, թէ «Կիւլեն» շարժումը «Էֆ.Պի.Այ.»ի կողմէ կը հետապնդուի իր դպրոցներու ցանցին համար ստացած պետական գումարները շահագործելու ամբաստանութեամբ:
Մինչ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էր Փոքրիկ Հայաստանի մէջ կայանալիք թրքական այս քայլարշաւին դէմ, որուն նպատակն էր փառաբանել Օսմանեան կայսրութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի օր հրապարակած յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտած էր «իրենք զիրենք ոճրագործ ջոկատներու ժառանգորդները նկատող խմբակին նման քայլարշաւ մը կատարելու արտօնութիւնը տալու Լոս Անճելըս քաղաքին որոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները նման տգեղ կացութեան մը առջեւ դնող քայլը «ամբողջութեամբ անընդունելի» որակելով:
http://asbarez.com/arm/111064/
Leave a Reply