Արեւմտահայերէնի նահանջը

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

“Լեզու” ըսելով կը հասկնանք անհատներու հոգեկան-զգացական, մտային ու ներաշխարհի արտադրութիւններու բերանացի եւ կամ գրաւոր նշաններու ու ձայններու դրութեան  այն ամբողջականութիւնը, որ մարդիկ իրենց միջեւ հաղորդակցութեան, նաեւ իրենց միջեւ կապ հաստատելու համար  կը գործածեն: Կրնանք ըսել՝ լեզուն մարդկային հաւաքականութիւններուն գոյատեւման համար անզիջելի ու հիմնական անհրաժեշտութիւն մըն է:

“Մայր Լեզու” ըսելով պատմական որոշ ժողովուրդի եւ կամ որոշ հաւաքականութեան մը եւ կամ որոշ ազգի մը պատկանող  անհատներուն իրենց միջեւ գործածած, ինքնայատուկ լեզուն կը հասկնանք, մայր լեզուն ձեւով մը ազգային նկարագիր մը ունի, կրնանք ըսել՝ մայր լեզուի  այս նկարագիրը կրնայ անհատներուն պատկանելիութիւնը ու ինքնութիւնը մատնանշել, հոս կարեւոր  է  անհատներուն մայր լեզու գաղափարի իմաստին  ըմբռնումը, ինքնութեան ու պատկանելութեան  գիտակցութիւնը ու հասկացողութիւնը:

20 Փետրուաին UNESCO-ի “Մայր լեզուի միջազգային օր”-ուան առթիւ “Աշխարհի վրայ վտանգի տակ եղող լեզուներ” անունի տակ հրապարակած քարտէսին մէջ արեւմտահայերէնը դասաւորուելով ”Լուրջ վտանգի տակ եղող լեզուներ”-ու կարգին՝ ի մասնաւորին, կը շեշտուի, թէ արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ ու Լիբանան ի մէջ, անհերքելիօրէն ”Կորսուելու լուրջ վտանգի  տակ” է:

Նորութիւն մը չէ, որ Ամերիկայի, Եւրոպայի, Թուրքիայի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Ուրուկուայի, Արկենթինիայի, Գանատայի մէջ շուրջ երեքուկէս միլիօն  հոգիի կողմէ գործածուած  արեւմտահայերէնը երկար տարիներէ ի վեր իր նահանջը կ’ապրի, սակայն, հոս նպաստաւոր կը նկատենք նահանջի ծնունդ տուող  գլխաւոր ազդակներուն դարձեալ հակիրճ  աչք մը նետել:

Սփիւռոահայութեան մէջ կայ սերուդ մը, որ ոչ միայն ազգային կատարեալ զգացումներով հայերէն կը խօսին, նաեւ իր միջավայրի մէջ ալ կը կարդա ու կը գրե կատարեալ հայերէն, սակայն կարճ ժամանակ ետք կամայ ու ակամայ  կ’ազդուին տեղական լեզուէն եւ կ’սկսի  տեղական  օտար բառեր գործածել իր խօսակցութեան մէջ, ու հետզհետէ կը դադրի հայերէն թերթ կարդալ ու հայերէն նամակ գրել:

Նոր սերունդի հայերը արդէն իսկ շատ հեռու են հայերէն կարդալէ ու գրելէ, Սփիւռքի  հայախօս ընտանիքներու նորածին մանուկները աչքերնին կը բանան տեղական հեռուստատեսիլի ոչ հայերէն/տեղական լեզուով պատրաստուած մանկական ժապաւէններու ցուցադրութեան, իսկ ականջնին կը լսէ տեղական ոչ հայերէն բառեր: Եթէ այն ընտանիքին մէջ հայերէն խօսիլը պարտադիր չէ եղած, այդ ընտանիքի մէջ ապրող մանուկը նախ պիտի սորվի ոչ թէ իր մայրենի լեզուն, այլ՝ տեղական ոչ հայերէն լեզուն.

Անյարմար պայմաները ու դժուարութիւնը կը խիստանան երբ որ մանուկը նախ՝ մանկապարտէզի, ապա՝ դպրոցի տարիքին կը հասնի. սփիւռքահայութեան ամէն հայ բնակավայրի մէջ հայկական մանկապարտէզի ու դպրոցի չգոյութեան պատճառաւ մանուկը պիտի սորվի նախ ոչ թէ իր մայերին, այլ՝  տեղական լեզուն:

Հոս անհերքելի է հայ ծնողքին՝ մայերենի լեզուի հանդէպ գիտակցութիւնը, մայերենի լեզուի իմաստին ըմբռնումը, հայ կրթարանի մը գոյութեան կարեւորութիւնը:

Սփիւռքահայութեան մէջ ուրիշ մէկ սերունդ մը կը ներկայացնէ մռայլ դէմք մը, որ առանց հայերէն կարդալ ու գրել կարենալու՝ օտարախառն հայերէն լեզուով խօսողներ են. իրենց կարգին  չգիտցած հայերէնով ի՞նչ պիտի կարենան տալ իրենց զաւակներուն: Հետեւաբար, հոս ալ դարձեալ յայտնի կ’ըլլայ հայ կրթարանի եւ կամ հայ եկեղեցիի կարեւորութիւնը:

Մայրենի լեզուին  հիմնական սնունդն է “Հայ հոգիի” ու ”Մայրենի լեզուի գիտակցութիւնը”. առանց հայ հոգիի ու գիտակցութեան մայրենի լեզուն նախ՝ կը տկարանայ ու ապա՝ կ’անհետանայ կամ, անշուշտ, Վիլյամ Սարոյեանի, Փիթէր Պալաքեանի, Գիրք Գիրգորեանի եւ ուրիշներու նման ընդունելի  բացառութիւններ, որոնք թէեւ հայերէն չէն գիտեր, սակայն հոգիով ու սիրտով  գիտակից հայեր են եւ ստանձնելով  որոշ առաքելութիւններ՝ կը ծառայեն հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար:

Անշուշտ կան արեւմտահայերինի նահանջի կանխարգելիչ ու կասեցուցիչ միջոցառումներ, ինչպէսիք կարելի է ֆինանսական, վարչական, կրթական, անձնական  հիմնական գլուխներու մէջ դասաւորել:

ա. Ֆինանսական միջոցառում

Ազգային եւ կամ Համայքային Հաստատութիւններու եւ ընտանիքներու մասնակցութեամբ հաստատել “Մայերնի լեզուի կենդանցման ու զարգացման Ֆօն”:

բ. Վարչական միջոցառումներ

Համայնքային բոլոր կրթական հաստատութիւններու մասնագէտ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազմել ”Մայրենի լեզուի հետազօտիչ ու խորհուրդատու հասարակաց մարմին” մը որը պիտի ստանձնէ մայրենի լեզուի դասաւանդութեան ու սերտողութեան համար գաղութի նպաստաբեր ամէնահարմար հասարակաց դրութիւնը ճշդելու պարտականութիւնը:

Զարկ տալ դպրոցներու զարգացման, յատկապէս զարկ տալ արեւմտահայերէն ուսուցանող ուսուցիչներու նախա- ու վերապատրաստական աշխատանքներու. Ֆինասաւորումը՝ Ֆօնի կողմէ:

գ. Կրթական միջոցառումներ

1. Դասանիւթերը, դասագիրքերը, դասաւանդութեան միջոցները  մասնագէտներու կողմէ վերաքննութեան ենթարկել, ի տեղին արդիականացնել ու ժամանակակից հնարաւորութիւնները օգտագործել:

2. Հայերէն օրաթերթերը վարժարաններու մէջ որպէս օժանդակ  դասանիւթ գործածել:

3. Մանուկներու ու երախաներու համար մասնայատուկ հայերէնով պատրաստել պակերազարդ գիրքեր, ձայներիզներ, մանկական ժապաւէններ (DVD, Video), մանուկներու միջեւ մանկական հայերէն երգերու մրցանակներ ու այլ խաղեր կազմակերպել:

4. Արեւմտահայերինի հրատարակութիւններու զարկ տալ:

5. Բանախօսութիւններ կազմակերպելով՝ հրատարակութիւնների, հայ մամուլի եւ, եթէ կան, հայերէն ձայնասփիւռի եւ կամ հայերէն հեռուստատեսիլի միջոցով ժողովուրդին մայրենիի  հանդէպ  հետաքրքրութիւնը քրքրող քարոզչական աշխատանքներու զարկ տալ:

6. Սանոց միութիւնները, կրթական եւ մշակոյթային այլ կազմակերպութիւններն ալ արեւմտահայերինի նահանջի կասեցման եւ կամ կանխարգելման աշխատանքներուն, իրենց հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, պաշտօն ու պատասխանատուութիւններ ստանձնելով,  համագործակծելու են:

Կարելի է կազմակերպել.

-Մայերինիի սերտեղութիւն,

-Դասախօսութիւններ,

-Հայերենի մրցախաղեր:

դ. Անձնական միջոցառումներ

Յաճախակի հայերէն թերթ կամ այժմեական հայերէն  գիրքեր կարդալ, չհասկցուած բառերու իմաստը բառարանէն սորվիլ:

Համարձակեցէք,  առանց սխալ խօսելու վախ ու ներքին ճնշում ունենալու,  ազատ ձեւով հայերէն խօսելու:

Փորձեցէք ձեր ընկերային, ազգակցական ու այլ մտերմական շրջանակներու մէջ միշտ հայերէն խօսելու միջավայր մը ստեղծել:

Փորձեցէք, յաճախ հայերէն  ձայնասփիւռ, հայկական եթերներ, հայկական երգեր ունկնդրել, հայկական հեռուստատեսիլ դիտել:

Փորձեցէք ձեռ հայերէնի  բառամթերքը հարուստացնել:

Փորձեցէք ամէն օր մի քանի շատ պարզ հայերէն նախադասութիւններ գրել, յաջորդ օրը  նախորդ օրուանը կարդալ ու սխալները սրբագրել:

Անշուշտ կարելի է այս ուղղութեամբ օրինակները բազմացնել, սակայն ամէնակարեւորը, “Արեւմտահայերէնի կորսուելու լուրջ վտանգի” դէմ, առանց յույսահատութեան, շուտ օրէն աշխատելու սկսիլն է, որը բոլորիս պարտականութիւնն է:

Յաջողութեան համար պայման է կամք, համագործակցութիւն, միասնական ու հասարակաց ծրագիր, համախմբուած աշխատանք:

http://hyetert.blogspot.com/2011/09/blog-post_29.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ