ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Զաման» թերթը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան գործընթացին մէջ դատախազ մը առաջին անգամն ըլլալով ուշադրութիւն հրաւիրեց այն կապին վրայ, զոր Տինքի ոճրագործները ունէին զանազան զինուորներու հետ:
«Ասիկա նորութիւն մը կը բերէ Տինքի սպանութեան դատավարութեան, ու դատավարութիւնը կը փոխադրէ դէպի ուրիշ կէտ մը», կը գրէ «Զաման»։
Յիշեալ տեսակէտը գրի առնուած է Պոլսոյ 14րդ քրէական ատեանի դատախազ Հիքմեթ Ուսթայի կողմէ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կը պատրաստէ սոյն տեղեկագիրը։ Տինքի սպանութեան մասին նախապէս պատրաստուած ամբաստանագիրներն ու մեղադրուած անձերուն անունները համոզիչ չէին նկատուած հանրային կարծիքին կողմէ։
Նախքան «Էրկենեքոն» կոչուած ընդյատակեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան յայտնաբերումը, պատրաստուած այդ տեղեկագիրները որեւէ համոզիչ տուեալ չունէին սպանդին ետին կանգնած անձերու կամ ուժերու մասին։ Ոճրագործ Օկիւն Սամասթ, ինչպէս նաեւ զայն դէպի ոճիր մղող Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ արտակարգ կապեր ունէին ոստիկաններու եւ զինուորներու զանազան պատասխանատուներու հետ։ Դատախազը այժմ յատուկ շեշտ դրած է մասնագէտ յիսնապետ Սաթըլմըշ Շահինի եւ զինուորներ՝ Ռեսուլ Քիւթիւքօղլուի, Իւնսալ Կիւրելի եւ Ահմետ Ֆարուք Այտողտուի անուններուն վրայ։ Դատախազը նոր տեղեկագիր մը պիտի պատրաստէ, եթէ նոր այլ տուեալներ երեւան հանուին։
«Զաման» երկար ու բաւական խառնակ մէջբերումներ կ՛ընէ հարցաքննութեանց ընթացքին զինուորներու բերած վկայութիւններուն կամ պնդումներուն մասին, կը շարայարէ բոլոր այն հանդիպումներն ու հեռաձայնի խօսակցութիւնները, զորս Սամասթ ու իր երկու անմիջական գործակիցները ունեցած էին զանազան զինուորներու հետ։
Դատախազը իր տեղեկագիրին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ Տրապիզոնի մէջ այդ շրջանի շրջանային հրամանատարի պաշտօն կատարող զօր. Տուրսուն Ալի Գարատուճմանի անուան վրայ։ Այս զօրավարը ճիշդ ոճիրի թուականներուն Տրապիզոն գացեր է հետաքննութիւններ ընելու համար։ Նոյն այս զօրավարը, Տինքի սպանութենէն չորս ամիս ետք, սպաննուած թուրք զինուորի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին նախատած էր Հրանդ Տինքի անունը եւ ատոր համար դատապարտուած էր հատուցում վճարելու։ Դատախազը նշած է, որ «Լախտ հարուած» անունով ծանօթ պետական հարուածի ծրագիրի փաստաթուղթերուն մէջ այս զօրավարին անունը եւս կը յիշուի իբրեւ զինուորական մը, որ ապստամբութեան կողմնակից կը հանդիսանայ։
Leave a Reply