Դասախօսութիւն՝ կազմակերպուած ՔՀԵ Միութեան գրական յանձնախումբին կողմէ
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան (ՔՀԵՄ) գրական յանձնախումբին, Կիրակի, Օգոստոս 21ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային դասախօսութիւն մը: Օրուան դասախօսն էր Պետրոս Թովմասեան՝ նիւթ ունենալով «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին պատմութեան ընդմէջէն» թեման:
Նախ՝ քանի մը խօսք դասախօսին մասին։
Պետրոս Թովմասեան ծնած է Իրաքի Պասրա քաղաքը, 1954ին։ Նախակրդական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պաղտատի Հայոց Ազգային Միացեալ վարժարանէն։ Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի երկրաչափական բաժանմունքը (1976), ստանալով քաղաքացիական ճարտարապետութեան մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայական։
Ինքնաշխատութեամբ ուսումնասիրած եւ հմտացած է Միջագետքի ու Հայկական Լեռնաշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։ 1980էն սկսեալ, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան մէջ դասաւանդած է հայոց պատմութիւն, մինչեւ 1997, երբ փոխադրուած է Յորդանան։ 1997-1998ին, ան դասախօսութիւններ ունեցած է հայոց պատմութեան մասին, Ամմանի ՀՄԸՄի կեդրոնին մէջ։ 1999ին տեղափոխուած է Կլենտէյլ, ու 2000էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած է հայոց պատմութեան դասխօսութիւններ՝ Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ բազմիցս դասախօսած ու ելոյթներ ունեցած պատկերասփիւռէն։
Պետրոս Թովմասեան հեղինակն է «Անցեալին Այս Օր» յօդուածաշարին, որուն յօդուածները հրատարակուած են Իրաքի, Յորդանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։
2006ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է անոր առաջին գիրքը՝ «Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջգագետքը» խորագիրով։
Ան նաեւ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի փոխատենապետն է։
Դասախօսութեան սկիզբը ան յիշեց, որ սոյն դասախօսութիւնը առաջին անգամ կազմակերպուած է անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այդ պատմական տաք զարգացումներու օրերուն, կազմակերպութեամբ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան:
Դասախօսը հապճեպօրէն անդրադարցաւ Ս. Խաչի ճարտարապետական, կրօնական եւ մշակութային արժէքներուն. ան կեդրոնացաւ Ս. Խաչի պատմաքաղաքական դերին վրայ՝ շեշտելով քանի մը կարեւոր, սակայն ցարդ անյայտ մնացած կետերու վրայ։
Սկսելով Ուրարտական ժամանակաշրջանէն, ան յիշեց որ շատ հաւանական է, որ Ուրարտուի 2րդ արքան՝ Լու Տիբիր (844-835 Ք.Ա.), Աղթամարի մէջ կառուցած է բնակավայր-ամրոց մը. ըստ Մարտիրոս Քավուքճեանի, լեզուի հնչիւնային զարգացումներով, Քղթամար անունը յառաջ եկած է Ուրարտուի Լու Տիբիր արքայի անունէն:
Անցնելով Ռշտունիներու ժամանակաշրջանին, Աղթամարը եղած է 4րդ դարէն Ռշտունիներու տոհմի կեդրոնը եւ ապաստարանը. ըստ Մովսէս Խորենացիի, անոնք կառուցած են Ռշտունեաց ամրոց մը, որուն վրայ յարձակած է Արշակունի Տիրան թագաւորը (338-350թ.):
Հայաստանի Ա. բաժանումէն ետք 387 թուականին Սասանեաններու եւ Բիւզանդացիներու միջեւ, 252 տարի ետք՝ 639 թուականին, Թէոդորոս Ռշտունին վերամիացուց երկու Հայաստանները՝ կեդրոն ունենալով Աղթամար կղզին:
Այս յառաջաբանէն ետք, դասախօսը անցաւ բուն նիւթին։ Ան յիշեց, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Գագիկ Ա.ի (908-943թ.) օրով, Մանուէլ ճարտարապետի ձեռամբ, 915էն 921 տարիներուն ընթացքին։ Ս. Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 7րդ դարու Աղբակի Արծրունեաց տոհմային դամբարանին, Զօրադիրի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նման՝ Հռիփսիմէատիպ եկեղեցի, խաչաձեւ, կեդրոնագմբէթ, քարէ կոնաձեւ տանիքով։ Կղզիին վրայ Գագիկ Ա. Արծրունի կառուցած է թագաւորական իր պալատը, իշխանական դղեակներ, արհեստական նաւահանգիստ, բացօթեայ թատրոն եւ այլ կառոյցներ, որոնցմէ մնացած է միայն Ս. Խաչը:
Արծրունեաց թագաւորութեան ընթացքին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսական աթոռը Հայաստանի Դուին մայրաքաղաքէն տեղափոխուած է Ս. Խաչ, ուր մնացած է 927-948 տարիներուն։ Այդ ժամանակամիջոցին՝ 928ին, Ս. խաչի մէջ տեղի ունեցած է Աբաս Ա. Բագրատունի թագաւորին օծումը եւ թագադրութիւնը:
Արծրունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք՝ 1021ին, Արծրունիներէն ճիւղ մը պայքարելով սելճուկներու եւ բիւզանդացիներու դէմ՝ յաջողեցաւ հիմնել կիսանկախ փոքրիկ իշխանութիւն մը, որ կոչուեցաւ իր հիմնադիրին անունով՝ Խեդենիկեան իշխանութիւն, որուն կեդրոններն էին Ամյուկի բերդը եւ Աղթամար կղզին՝ Ս. Խաչով։
Խեդենիկեան իշխաններէն Ապտըլմսեհը, օգտուելով սելճուկ թուրքերու տկարութենէն՝ լրիւ կ՛անկախանայ, եւ աւելին՝ 1113 թուականին իր որդին՝ Դաւիթ եպիսկոպոսը, կաթողիկոս կ՛օծէ Ս. Խաչի մէջ։ Այսպէս, կը հիմնուի Աղթամարի կաթողիկոսական աթոռը, որ կը տեւէ շուրջ ութ դար (1113-1895թ.), եւ որուն կը հետեւէին 302 եկեղեցիներ ու 58 վանքեր։
Աղթամարի Զաքարիա Գ. (1434-1464թ.) կաթողիկոսին ջանքերով, ու բանակցութիւններէ ետք թուրքմէն Կարա-Կոյունլուներու æահանշահ սուլթանին հետ, 1465 թուականին կաթողիկոսի եղբօրորդին՝ Սմբատ Արծրունին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կ՛օծուի թագաւոր։ Այսպիսով, Սմբատ Արծրունին (1465-1471թ.) կը դառնայ հայոց վերջին թագաւորը։ Փոքրիկ թագաւորութիւնը կ՛ընդգրկէր Աղթամար կղզին ու առափնեայ տարածքները։ Կարճատեւ կեանք ունեցող թագաւորութիւնը, կեդրոնանալով Աղթամարի Ս. Խաչի կաթողիկոսութեան վրայ, պատմական փորձ մըն էր՝ վերականգնելու Հայոց թագաւորութիւնը. անիկա հոգեբանական ու ազգային ինքնագիտակցութեան շարժում մըն էր, որ դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ։ Այս բոլոր պատմական զարգացումները տեղի կ՛ունենային՝ հիմք ունենալով Ս. Խաչ եկեղեցին. սկիզբը Խեդենիկեան իշխանութիւնը, ապա՝ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը ու վերջապէս՝ Աղթամարի Արծրունեաց թագաւորութիւնը:
15րդ դարու վերջաւորութեան, պարսկական Սեֆեան պետութեան հիմնադիրը՝ Իսմայիլ Ա. (1502-1524թ.), 13 տարեկան պատանի հասակին փախչելով Թուրքմէն Ակ-Կոյունուներու ձեռքէն՝ կ՛ապաստանի Աղթամար, ուր կը մնայ տարիներ հայ քահանաներու մօտ…:
1510ին, ըստ վենետիկցի վաճառականի մը, Աղթամարը փոքրիկ քաղաք էր՝ 2 մղոն շրջագիծով, եւ կը կոչուէր Արմենիկ. անիկա ուներ 600 հայաբնակ տուն եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ Ս. Խաչի կողքին։
Աղթամարը, մինչեւ 1555 թուական, մնաց պարսկական Սեֆեան կայսրութեան լուծին տակ, ապա կայսր Շիրինի դաշնագիրով՝ 1639էն սկսեալ՝ Օսմանեան լուծի տակ։
1854ին, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խրիմեան Հայրիկի վարդապետական օծումը։ Երկու տարի ետք, ան փորձեց Աղթամարը դարձնել Մխիթարեան Ս. Ղազարի նման օճախ մը հայ մշակոյթի, սակայն Աղթամարի կաթողիկոսութեան մերժումին հանդիպելով՝ ան Վարագայ վանքը ընտրեց, փոխան Աղթամարի Ս. Խաչին։
Ֆէտայական կեանքի տարիներուն, Աղթամարը մնաց եւս ապաստանարան. Սասունի երկրորդ ապստամբութիւն-գոյամարտէն ետք, զօր. Անդրանիկ եւ 70 ֆէտայիներ նահանջելով՝ Սասունէն ապաստանեցան Աղթամար։ 31 Օգոստոս 1904ին, թրքական բանակը նաւերով յարձակեցաւ Աղթամարի վրայ. ժամեր տեւող կռիւէ ետք, ֆէտայիներ գիշերով հեռացան կղզիէն ու Ս. Խաչէն: Զօր. Անդրանիկ 50 ֆէտայիներով անցաւ Վան, իսկ Գէորգ Չաւուշ՝ 20 ֆէտայիներով վերադարձաւ Մուշ:
Աւարտին, դասխօսը անդրադարձաւ վերջին տարիներուն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ առնչուած քաղաքական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ 2010ի Սեպտեմբեր 19ի Ս. պատարագի մատուցման եւ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչի զետեղման։ Ան յիշեց, որ ինք կը հաւատայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բացառիկ սրբութեան, եւ որ հակառակ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի ոչ բարենպաստ պայմաններուն, Ս. Խաչը պահած է իր գոյութիւնը ու ազդեցութիւնը, եւ տակաւին մինչեւ այսօր յաղթահասակ կանգնած է Մասիսին դիմաց, Մասիսին նման։
Անհրաժեշտ է նշել, որ դասախօսը իր երկրաչափական գիտութիւնը ու պաշարը ի գործ դնելով՝ նիւթը ներկայացուց շատ հետաքրքրական գծացուցակներով, որոնք աղի նման տարբեր համ ու արժէք տուին դասախօսութեան։
Դասախօսութեան աւարտին, ըստ աւանդական կարգի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
(Թղթակից)
20.09.2011
Leave a Reply