«Ազդակ»ի Եւ «Մարմարա»ի խմբագիրները կ՛արժանանան նախագահական շքանշաններու

 ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անկախութեան 20րդ տարեդարձին առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան շքանշաններ պարգեւած է հասարակական եւ մշակութային գործիչներու:

Ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին իր ներդրած նշանակալի աւանդին, երկարամեայ եւ արգասաբեր հայանպաստ գործունէութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ յառաջընթացի ապահովման գործին մէջ ցուցաբերած իր նուիրումին ու մատուցած ծառայութիւններուն համար, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած է Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանը:

Նաեւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրուած է Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը:

Լիբանանէն «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին արժանացած են նաեւ «Գոհար» երգչախումբի հովանաւոր Յարութ Խաչատուրեանն ու Փօլ Հայտոսթեանը: Պատուոյ շքանշան ստացած է «Վիւասել» ընկերութեան տնօրէն, Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ Ռալֆ Եիրիկեանը:

Հայապահպանութեան գործին ներդրած ծանրակշիռ աւանդին, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ պետութիւններու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման մեծապէս նպաստելուն համար, «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով պարգեւատրուած է նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ, այժմ հանգստեան կոչուած Սուրէն արք. Գաթարոյեանը:

Իսկ Լոս Անճելըսէն, Պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուած են Վահէ Կարապետեանն ու Ալպերթ Պոյաճեանը:

Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար, 2րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Էջմիածնական թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան: Նոյն շքանշանին արժանացած են նաեւ Իրաքահայ թեմի ներկայ առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանն ու Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ. արք. մարտիրոսեան:

http://asbarez.com/arm/110277/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ