Մուսա լերան հերոսամարտի 96-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ

ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սիրելի՛ թոռնիկ, պահ մը ձգենք մեր պապերը Մուսա լերան լանջերուն, եւ թող անոնք կարօտը առնեն պապենական տուներուն ու պարտէզներուն, երգելով շրջին Նշանին եւ Մնակին սրճարանները, տաուլ-զուռնայով շուրջպար բռնեն սօսիի ծառին շուրջ, իսկ մենք, որ ներկայիս կ՛ապրինք Մուսա Տաղէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, ձեռք-ձեռքի տանք եւ երթանք «Փաշայեան» ծառաստանը, ուր տեղի պիտի ունենայ Մուսա լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւնը:

Շաբաթ՝ Սեպտեմբեր 3ին, պապուկ ու թոռնիկ ծառաստան կը մտնենք: Անիկա դատարկ է. քանի մը անձեր սեղաններ եւ աթոռներ կը զետեղեն ծառերուն տակ, սրահին մէջ. ֆրեզնոյաբնակ մուսալեռցիներ սեղանին շուրջ բոլորուած կը ճաշեն: Անոնք յոգնած երեւոյթ ունին, ժամերով աշխատած են՝ վաղուան մատաղ հերիսայի միսն ու ցորենը պատրաստելու, սակայն անոնք ուրախ են եւ ձեռքի շարժումներով կը հետեւին նուագին:

Ժամը չորսին ծառաստանը եռուզեռի մէջ է. վարչութեան անդամներն ու կամաւոր աշխատողները իրենց պաշտօնին վրայ են, կամաց-կամաց ժողովուրդը տեղ կը գրաւէ սեղաններուն շուրջ, երգիչ Շահէն եւ նուագախումբը պատրաստ են եւ ազդանշանի կը սպասեն, հեռուն՝ ծառաստանի մէկ անկիւնէն, ծուխ կը բարձրանայ, հսկայ կաթսաները կը պղպջան, եւ օդը կը զովանայ ու մութը կամաց-կամաց կը տիրապետէ, եւ լոյսերը կ՛ողողեն շրջապատը՝ ստեղծելով խորհրդաւոր պատկերներ եւ դիւթիչ մթնոլորտ, հաւանաբար, բանաստեղծն ալ ժամանակին նման տեսարանի մը դիմաց երգած է.

Գիշերն անոյշ է, գիշերն հեշտագին,

Հաշիշով օծուն ու բալասանով.

Լուսեղէն ճամբէն ես կ՛անցնիմ գինով…

Ես ու թոռնիկս ալ այդ առինքնող մթնոլորտին մէջէն կ՛անցնինք հպարտ ու ճակատաբաց, մեր սրտերը լի՝ մեր պապերու անցեալի սխրագործութիւններով: Կը հնչէ Տոլար պապուկին «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք» երգը, որուն կը յաջորդեն ուրիշներ. բեմահարթակին վրայ երիտասարդներ ձեռք-ձեռքի կը պարեն՝ շուրջպար, մենապար, իրարու ընդելուզուած, պարային ներդաշնակութիւն մը ստեղծելով:

Կը շրջինք ծառաստանին մէջ զետեղուած պտուղներու, սուրճի, զովացուցիչներու, կերակուրի եւ զարդեղէններու կրպակները. իրապէս գնահատելի աշխատանք կը կատարուի… կանգ կ՛առնենք մեր բարեկամ տէր եւ տիկին Գարօղլանեաններու կրպակին դիմաց: Վարչութեան կողմէ անոնց պաշտօն տրուած է կազմակերպել զովացուցիչներու եւ ջուրի մատակարարումը. անոնք ուրախ են, իրենց պաղ ջուրով եւ զովացուցիչներով սիրտեր կը զովացնեն:

Երգի, պարի եւ նուագի մթնոլորտը կը շարունակուի մինչեւ ուշ գիշեր, կամաց-կամաց ծառաստանը կը դատարկուի, միայն հեռուն՝ մէկ անկիւնը, կը նշմարուին կրակի ցոլքեր, որոնց շուրջ բոլորուած երիտասարդները, մինչեւ այգաբաց ուտելով, խմելով եւ կատակելով, վաղուան հերիսային պատրաստութիւնը կը կատարեն. իրապէս գովելի աշխատանք է, զոր կը կատարեն մեր տղաքը: Թոռնիկիս ձեռքը բռնած՝ խօսակցելով կը հեռանանք «Փաշայեան» ծառաստանէն. ճանապարհին, թոռնիկս հարց տալով կ՛ըսէ. «Պապուկ, այդ տղաքը ամբողջ գիշերը հոն՝ կրակին դիմա՞ց պիտի նստին. անոնք չե՞ն վախնար, ծառաստանի մէջ ամէն տեսակ միջատներ կը շրջին. ես կը վախնամ, գիշերը ես չեմ կրնար այդ կրակին դիմաց նստիլ»:

«Սիրելի’ս, այդ տղաքը մեր հերոս պապերուն թոռներն ու ծոռներն են. անոնք չեն վախնար ո՛չ միջատներէ, ո՛չ գայլերէ եւ ոչ ալ թշնամիներէ, ինչպէս ժամանակին մեր պապերը չվախցան թուրք բանակներէն: Այո՛, դուն հիմա կը վախնաս, բայց վաղը, երբ այս տղոց պէս ըլլաս, վստահ եմ, որ դուն ալ մեր պապերուն եւ այս տղոց պէս քաջ պիտի ըլլաս ու ազգային պարտականութիւնդ պիտի կատարես, ուրախ պիտի նստիս կրակին դիմաց՝ վաղուան հերիսան պատրաստելու», պատասխանեցի:

Այսպէս եւ նման խօսակցութիւններով կանգ կ՛առնենք տան դիմաց:

Սեպտեմբեր 4. Կիրակի առաւօտ է: Թոռնիկիս հետ ծառաստան կը մտնենք եւ կ՛ուղղուինք դէպի սրահ, ուր պատարագ կը մատուցուի: Դրան դիմաց ժպտադէմ տիկիններ «Քոքարդ» կը դնեն լամբակներու վրայ. սրահը լի է հաւատացեալներով, սարկաւագին բուրվառէն բարձրացող խունկի քուլաները, խառնուելով պատարագիչ հօր՝ Աշոտ Գամպուրեանի, սարկաւագներու եւ դպրաց դասի երգերուն, վեր կը բարձրանան: Պատարագիչ հայրը օրուան պատգամը կու տայ, իսկ պատգամաբեր վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանը, որ այս առիթով Գանատայէն հրաւիրուած էր (ան 20 եւ աւելի տարիներ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ տնօրէն ծառայած էր Այնճարի մէջ եւ գործած Մուսա լերան հերոսամարտի ականատեսներուն ու անոնց թոռներուն հետ), կենդանի վկայութիւններով կը ներկայացնէ իր սրտին խօսքը եւ մուսալեռցիներուն լեռ բարձրանալու յանդուգն որոշումին մէջ հաւատքի զօրաւոր ոգին կը նկատէ. մուսալեռցին հաւատքով լեռ կը բարձրանայ, հաւատքով կը կռուի եւ հաւատքով ծովափ կ՛իջնէ՝ Փոր Սայիտ երթալու, եւ այսօր, օտար ափերուն վրայ հասակ առած մուսալեռցին հերոս պապերուն հաւատքով, մատաղօրհնէք կը կատարէ եւ մատաղ կը բաժնէ՝ խունկով եւ պատարագով:

Կը հնչէ «Տէր Ողորմեա՛»ն. հաւատացեալները երկիւղածութեամբ Աստուծմէ կը խնդրեն «հիւանդաց բժշկութիւն, ննջեցելոց արքայութիւն». հոգեհանգիստ կը կատարուի 18 նահատակներու, ինչպէս նաեւ այլ ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Դպրաց դասի առաջնորդութեամբ, թափօրը կ՛ուղղուի դէպի ծառաստան, ուր սեղաններուն վրայ դրուած են հերիսայի կաթսաները: Մատաղի օրհնութիւնը կատարուելէ ետք, երիտասարդներ մատաղը կը բաժնեն, եւ ժողովուրդը սեղաններուն շուրջ բոլորուած՝ համով-համով կը ճաշակէ Մուսա լերան հերոսներու յիշատակին պատրաստուած հերիսան:

Կրկին նուագ ու պար, երգիչ Շահէին երգերը սրտեր կը փոթորկէ, եւ հարթակին վրայ բազմութիւնը, արհամարհելով Ֆրեզնոյի օդը, քրտնաթոր կը պարէ:

«Փաշայեան» ծառաստանը կը դատարկուի, եւ մութը կը սկսի տիրապետող դառնալու. ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ կը մեկնին:

Այս տարի Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր այդ երեկոյ կամաւոր աշխատողները համախմբել սրահին մէջ եւ ուրախութիւնը շարունակել: Քառասունէ աւելի հայրենակիցներ, սրահ հաւաքուելով, կը շարունակեն երգն ու պարը մինչեւ ուշ գիշեր:

Սիրելի՛ թոռնիկ, ձեռք-ձեռքի տուած՝ երկու օրերու ընթացքին շրջեցանք «Փաշայեան» ծառաստանը եւ դիտեցինք վարչութեան կազմակերպած աշխատանքը, որ իրապէս յաջող ձեռնակ մըն էր. հազարէ աւելի հայրենակիցներ եւ բարեկամներ համախմբելը օտար հորիզոններու տակ եւ անցեալի գեղեցիկ դրուագներով խանդավառելը զանոնք իրապէս որ գովելի է: Ապրի՛ վարչութիւնը, վարձքը կատար բոլոր կամաւոր աշխատողներուն. վստահ ենք, որ ապագային մեր թոռնիկները պիտի շարունակեն այս սրբազան աւանդութիւնը:

http://asbarez.com/arm/110157/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ