ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունած է թրքահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը՝ «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանի եւ «Հայ Նկարիչները Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» գիրքի հեղինակ Կարօ Քիւրքմանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պոլսահայ համայնքին խնդիրները, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած Սեպտեմբեր 16էն 19 կայանալիք «Պոլսահայ համայնքի օրեր»ուն եւ Սեպտեմբեր 18էն 21՝ «Սփիւռքի կազմակերպութիւնների ղեկավարների եւ ներկայացուցիչների համահայկական համաժողով»ին առնչուող հարցեր:
http://asbarez.com/arm/109966/
Leave a Reply