Չեթինօղլու կը գրէ Ցեղասպանութեան արխիւներու խեղաթիւրման մասին


ՊՈԼԻՍ, «ՄԱՐՄԱՐԱ».- Վիքիլիքսի Հրապարակումները Դարձեալ Օրակարգի Բերին Օսմանեան Արխիւներու Վիճակը

ՍԱԻՏ ՉԷԹԻՆՕՂԼՈՒ ԿԸ ՊՆԴԷ ՈՐ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒԵՑԱՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ՍԽԱԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՄԹԱԳՆՈՒԵՑԱՆ

Վիքիլիքսի այն հրապարակումը թէ Օսմանեան Արխիւներու հայկական ցեղասպանութեան վերաբերեալ մասերը երկու անգամ մաքրագործուած են, դարձեալ օրակարգի բերաւ Օսմանեան արխիւներու վստահելիութեան հարցը։ Ինչպէս երէկ գրած էինք, Հալիլ Պէրքթայ Ամերիկացի Հիւպատոսին հետ խօսելու ընթացքին ատենօք ըսած էր որ արխիւները երկու անգամ մաքրագործուած են. Դեսպան Պիրկին ալ խոստովանած էր որ ահաւոր ջարդ մը կատարուեր է հայերու վրայ։

Հրապարակագիր Սաիտ Չէթինօղլու որ շատ ցնցիչ հրապարակումներ ու մերկացումներ ըրած է Ունեւորութեան Տուրքի կամ 1915-ի պատահարներուն ու այլ հայկական հարցերուն մասին, “Աթըլըմ”ի կայքէջին մէջ այժմ կը գրէ որ “Վիքիլիքսի հրապարակած փաստաթուղթերը անգամ մը եւս կը հաստատեն այն ինչ որ արդէն գիտէինք ու շարունակ կը պնդէինք։” Չէթիօղլու կը հաստատէ Պէրքթայի ըսածները ու կ՚աւելցնէ. “Օսմանեան Արխիւները ո՛չ միայն մաքրագործուեցան ու զտումի ենթարկուեցան, այլ նաեւ սխալ տեղեկութիւններով մթագնուեցան”։

Վիքիլիքսի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթը 2004 թուականին պատրաստուած է ԱՄՆ-ի Հիւպատոսին ստորագրութեամբ։ Հոն կը նշուի որ Սփիւռքահայութիւնը արդէն անհամար փաստաթուղթեր ունի այն մասին թէ Օսմանեան Կայսրութեան օրերուն հայերու դէմ բնաջնջումի հետեւողական քաղաքականութիւն մը գործադրուեցաւ։ Իսկ Թուրքիա պատրաստեց թէզ մը որով ինքզինք կը պաշտպանէ, կը պնդէ որ հայերը աքսորուեցան ու տեղահանուեցան թուրքերու վրայ իրենց կատարած յարձակումներուն հետեւանքով։

Ըստ այդ փաստաթուղթին, հայերը ինքնութեան խնդիր չունին, բայց թուրքերը ունին, որովհետեւ իրենց ինքնութիւնը զիրենք նեղ կացութեան կը մատնէ ու ասիկա բնաւ չէ փոխուած Աթաթիւրքի օրերէն մինչեւ այսօր։ Թուրքերը եթէ ընդունին 1915-ի իրենց պատասխանատուութիւնը, այն ատեն հատուցում վճարել պիտի ստիպուին ու ասիկա կը դանդաղեցնէ գործընթացը։

Հայ ու օտար պատմաբաններ կը պնդէին որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը միշտ արգելք հանդիսացած է Օսմանեան արխիւներու քննարկումին։ Պատմաբան Գէորգ Պարտաքճեան Ամերիկացիներուն ըսած է որ 70ական ու 80ական թուականներուն իրմէ մերժուեցաւ արխիւները քննարկելու արտօնութիւնը։

Հալիլ Պէրքթայն ալ հաստատած է որ արխիւները երկու անգամ մաքրագործուեցան։ Ամերիկացիներու տեղեկագրին մէջ կ՚ըսուի որ արխիւներու հայկական մասերը այսօր ալ տեւաբար կը մաքրագործուին։

ԻՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍԱԻՏ ՉԷԹԻՆՕՂԼՈՒ

Պատմաբան Սաիտ Չէթինօղլու ԷՏՀԱ գործակալութեան յայտնած է որ Վիքիլիքսի հրապարակած գաղտնի փաստաթուղթերը կը հաստատեն ինչ որ իրենք ըսած են մինչեւ այսօր։ Խնդիրը միայն արխիւներու մաքրագործումը չէ, մաքրագործումի առընթեր նոր ու սխալ տեղեկութիւններ կը ստեղծուին ու անոնցմով կը քօղարկուի պատմական տուեալներու ճշմարտութիւնը։ Ըստ Չէթինօղլուի, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին երբ Գերմանները պարտուեցան ու նահանջեցին, իրենց հետ տարին իրենց մեղսակցութիւնը ցոյց տուող բոլոր փաստաթուղթերը։ Վերջն ալ պնդեցին որ այդ արխիւները պատերազմի ընթացքին ռմբակոծուեցան ու ոչնչացան։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ, մէկ երկու փաստաթուղթեր միշտ կը վրիպին անոնց ուշադրութենէն ու կը փրկուին բնաջնջումէ։ Օրինակ Պերլին-Պաղտատ երկաթուղիի Ընդհանուր Տնօրէնը հրահանգած է որ հայերը սպաննուին ու այս փաստաթուղթը գոյութիւն ունի։ Ցնցիչ օրինակ մըն ալ Թալաթ Փաշայի սպանութեան դատավարութիւնն է։ Գերմաները ժամ առաջ անպարտ արձակեցին Թէհլիրեանը որպէսզի խնդիրը շուտ մը փակուի ու վրան երկար չխօսուի։

Չէթինօղլու կը պնդէ որ հիմա արխիւները քօղարկուած են սխալ տեղեկութիւններով։ Օրինակ հոն կ՚ըսուի որ Դանիէլ Վարուժան ազատ արձակուեցաւ, մինչդեռ Դանիէլ Վարուժան Չանգըրըի մէջ սպաննուեցաւ։ Այս մասին Թանէր Աքչամ հրատարակած է զգայացունց փաստաթուղթեր։ Իսկ Թուրքիա հիմա հսկայական գումարներ ծախսելով կը ջանայ քօղարկել 1915-ին հայերու դէմ կատարուածները։ Կասկած չկայ որ արխիւները յատուկ զտումի ենթարկուած են ու Պէրքթայի ըսածը հարիւր տոկոս ճիշդ է, կ՚ըսէ Չէթինօղլու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ