Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Կրօնական ազատութիւններու մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նորագոյն տեղեկագիրը դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնները, ու կառավարութիւնը վերջերս դրական քայլեր առած է այդ ուղղութեամբ: Քանի մը տասնամեակներու ընթացքին անտէր մնացած, ապա թանգարանի վերածուած եկեղեցիներու կամ վանքերու մէջ այժմ տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարելու արտօնութիւնը «ուշագրաւ փաստ» մը կը նկատուի «պետութեան կողմէ կրօնական ազատութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքին», եւ իբրեւ օրինակ, կը յիշուին յունական Սումէլայի վանքին կամ Աղթամարի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւնները։

Սակայն, կը նշուի, թէ սահմանադրութիւնը նաեւ սահմանափակումներ կը դնէ կրօնական բացարձակ ազատութեան առջեւ։ Սահմանադրութեան մէջ կան պետութեան ամբողջականութեան վերաբերեալ կամ աշխարհիկ կարգավիճակի վերաբերեալ յօդուածներ, որոնք սահմանափակումներ կը դնեն կրօնական ազատութիւններուն առջեւ։ Նախագահութիւնը, բանակը, դատարանները, եւ պետութեան կորիզը կազմող այսպիսի կազմակերպութիւններ իրենց պարտականութիւնը կը նկատեն պաշտպանել աշխարհիկ կարգավիճակը եւ կրօնական որոշ հարցերու կը մօտենան՝ իբրեւ աշխարհիկ կարգավիճակին սպառնացող ազդակներ:

Անդրադարձ կայ նաեւ այն փաստին, թէ տակաւին չէ բացուած Հէյպելիի յունաց դպրեվանքը, որ 40 տարիէ ի վեր փակ կը մնայ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»
http://asbarez.com/arm/109779/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ