Երբեք չեմ սիրած իմ տատիկս. ան երբեք չէր գրկեր զիս, երբեք չէր համբուրեր. Սիւզան Խարտալեան

«Երկիր»-ը զրուցած է սփիւռքահայ ռեժիսոր Սիւզան Խարտալեանի հետ՝ անոր «Մեծ Մօրս Դաճուածքները» շարժանկարի մասին։ Զորոյցի արեւմտահայերէն տարբերակը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

– Երբեք չեմ սիրած իմ տատիկս։ Ան երբեք չէր գրկեր զիս, երբեք չէր համբուրեր, երբեք չէր ժպտար։ Եւ երբ ան ամէն առաւօտ կ’իջնէր աստիճաններով, ժամեր շարունակ կը նստեր անկիւն մը, բոլորս վատ կը զգայինք անոր շնչահեղձ ընող ներկայութենէն: Ես կը վախնայի իրմէ: Ան տարօրինակ էր: Կը խորշէի անոր ձեռքերու եւ դէմքի կապոյտ դաջուածքներէն, այդ սատանայական նշաններէն, որոնք կու գային մութ աշխարհէ մը:

Իբրեւ երեխայ` ես երբեք չէի համարձակեր անոր հարցնել իր դաջուածքներու մասին: Միայն հիմա կը գիտակցիմ, թէ ինչ էին այդ տարօրինակ նշանները: Միայն հիմա կը հասկնամ, որ անոնք եղած են բռնանալու եւ ստրկացնելու նպատակով:

Շուէտահայ ռեժիսոր Սիւզան Խարտալեանի այս կարճ բացատրութիւնը իր նորաւարտ` «Մեծ Մօրս Դաջուածքները» շարժանկարի սինոփսիսն է: Շարժանկարը արդէն պատրաստ է եւ շուտով` Սեպտեմբեր 21ին, Սթոքհոլմի մէջ կը յանձնուի հանդիսատեսի գնահատականին:

– Շարժանկարի մասին բացատրութիւնդ շատ զգացական: Արդեօք այդ զգացո՞ւմն էր, շարժանկարի ստեղծման պատճառը:

– Ոչ, բոլորովին: Այդ զգացումները ապրած եմ շարժանկարի աշխատանքներու ժամանակ: Սկիզբը կ’ուզէի շարժանկար նկարել Ռուանտայի ցեղասպանութեան թեմաներով: Նպատակս կենտերային խնդիրները բարձրաձայնելն էր, թէ ինչպէս կանայք կը կրեն ցեղասպանութեան բեռը: Կ’ուզէի զուգահեռներ տանիլ Ռուանտայի, Կամպոճայի, Տարֆուրի, Գերմանիայի դէպքերու միջեւ: Բայց երբ ուսումնասիրեցի խնդիրը, նկատեցի որ բոլոր ժամանակներու ցեղասպանութիւնները իրար նման են: Եւ ինչպէս վերը նշուած դէպքերուն, Հայոց ցեղասպանութեան պարագային ալ կանայք եղած են իրենց ուսերուն ամենածանր բեռը կրողները: Հանդիպելով փաստերու միանմանութեան` աչքիս առջեւ եկաւ մեծ մայրս, որուն դէմքը ամբողջովին պատուած էր դաջուածքներով: Հայոց ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններ շատ կան, բայց չկան կամ շատ սուղ են փաստացի տուեալները, թէ հայուհիները Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ինչպէս կրեցին, ինչ հանգրուաններով անցան:

-Ինչպէ՞ս պարզուեցաւ, որ դաջուածքները ուղղակի կապ ունին Ցեղասպանութեան հետ:

– Շատ պատահական: Փարիզի Նուպարեան գրադարանի մէջ գտայ կանանց նկարներ, որոնք տարիներ շարունակ մնացած էին արխիւներու մէջ: Այնտեղ կային թղթածրարներ բռնաբարուած կանանց մասին` ահաւոր մանրամասնութիւններով: Երբ կ’ուսումնասիրէի դաջուածքներով աղջիկներու նկարները, նկար մը տեսնելով, կարծես, ելեկտրահարուեցայ: Մեծ մօրս դաջուածքներն էին: Ապշած էի: Հակառակ երկար տարիներ աչքիս առջեւ եղած էր, բայց երբեք մտքովս չէր անցած, որ ան նոյնպէս այդ ահաւոր ողբերգութեան միջով անցած էր: Յետոյ մանկութեանս յիշողութիւններու բեկորներով սկսայ աշխատիլ, որովհետեւ անոնք էին այն ամէնը, ինչ ունէի:

Վերապրող չէր մնացած, որ կարենայի հարցազրոյց ընել, բացի մեծ մօրս քրոջմէ, որ կ’ապրեր Լոս Անճելըսի մէջ եւ նոյն դաջուածքները ունէր: Բարեբախտաբար, հասցուցի անոր հետ հարցազրոյց ընել: Դաջուածքներու վերաբերեալ անոնք իրենց պատմութիւնը հիւսած էին: Կ’ըսէին` տէ երեխայ էինք, խաղալու համար կ’ընէինք։ Բայց այդ մէկը ամօթը թաքցնելու միջոց էր: Մեծ մօրս քոյրը չէր ցանկանար խօսիլ այդ մասին, ան զիս նոյնիսկ չընդունեց, կ’ըսէր էր, որ դաջուածքները ոչ մէկ բանի հետ կապ չունին…Ան կը պատմէր իրենց պարտէզի, ճուտիկներու, իրենց խաղերու մասին եւ կ’ուզէր այդ պատկերի մէջ մնալ: Ինքն իր մէջ խեղդած էր վիշտը:

– Փաստօրէն, կենտերային թեմային անդրադառնալը, քեզի նոր թեմա տուաւ:

– Ես այդ մասին շատ խօսած եմ, գրած, բայց երբեք մտքովս չէ անցած, որ նման բան տեղի ունեցած է նաեւ իմ ընտանիքիս հետ: Այն, ինչ ինծի համար գիրքերու մէջ էր, յանկարծ դարձաւ իրականութիւն. 12 տարեկան հասակին առեւանգուած եւ բռնաբարուած, 7 տարի այդ տղամարդու հետ ապրած, հաւանաբար նաեւ անոր երեխաները ծնած… այդ մէկը ուղղակի շոք էր ինծի համար: Անոր մասին մեր տան մէջ չէին խօսիր: Ամօթի զգացում կար հայ ընտանիքներու մէջ, անոր մասին կը խուսափէին խօսիլ: Նոյնը նաեւ Ռուանտայի մէջ էր: Կանայք կ’ամչնային խօսիլ բանի մը մասին, որուն մեղաւորը իրենք չեն: Հաւանաբար շրջապատի վերաբերումը շատ կարեւոր է: Այս շարժանկարի մէջ առաջին անգամ կը խօսուի այդ մասին:

– Այսինքն` նոյն շրջապատէն մէկը, որ անցած է այդ ողբերգութեան միջով, չի ՞ ընդունիր հակառակ սեռի ներկայացուցիչ իր բախտակիցի տառապանքները:

– Այդ խնդիրը եւ’ նախապէս եղած է, եւ’ հիմա ալ կայ: Ցեղասպանութենէն ետք շարժումներ եղած են` անապատներէն, արաբական, քրտական տարբեր ընտանիքներու մէջ ապրող հայ աղջիկները հաւաքելու-բերելու, բայց այդ աղջիկներու հանդէպ նաեւ յատուկ վերաբերում եղած է` մերժում հայ տղաներու կողմէ: Առաջին անգամ Ամերիկայի մէջ հայ կնոջ վրայէն փորձած են լէյզըրային ճանապարհով դաջուածքները վերացնել: Նոյնը` կուսութիւնը վերականգնելու առաջին փորձերը Ամերիկեան համալսարանի բժիշկներէն մէկը` Գրիգորեան ազգանունով, կատարած է Լիբանանի մէջ` հայ կանանց շրջանակի մէջ, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բախտը դասաւորել: Սակայն հայ տղամարդոց մերժումը բնազդային չէր, ան նաեւ սեփական ամօթէն կու գար, բայց այդ մասին մենք երբեք չենք խօսիր: Չենք խօսիր, թէ ինչպէս հայ տղամարդը չկրցաւ լիարժէք տէր կանգնիլ իր ազգակից կանանց, որովհետեւ չենք պատկերացներ, թէ ինչպէս կարելի է այս պատմութիւնը պատմել եւ չնսեմացնել հայ տղամարդոց: Հայ տղամարդու այս տրամաբանութիւնըան ես կը հասկնամ: Կ’ըսենք` ինչու՞ Ցեղասպանութիւնը մեզի լալկան դարձուց, որովհետեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ես կը տեսնեմ այդ իրականութիւնը, եթէ նոյնիսկ մանրամասնութիւններ չենք գիտեր, ինչպէս իմ ընտանիքիս պարագային: Տրաման կայ, եւ եթէ նոյնիսկ չխօսին այդ մասին, այդ մէկը ժառանգաբար կը փոխանցուի:

Ֆրեզնոյի մէջ հանդիպեցայ կանանց, որոնք դաջուած կանանց երեխաներ էին: Անոնք պատմեցին, որ 1919ին մօտ 5000 հայ կանայք, որոնք փրկուած էին, եւ անոնցմէ շատերը դաջուածքներ ունէին, ուղարկուած են Ֆրեզնօ, եւ այնտեղ անոնք այնքան շատ եղած են, որ տեղական իշխանութիւնները զիրենք անուանած են «կապոյտ շրթունքներով կանայք»:

– Իսկ “կապոյտ շրթունքներով կանանց” սերունդները ի՞նչ կը պատմեն, անո՞նք ա՞լ կը նախընտրեն լռել:

– Երբ ես փորձեցի անոնց սերունդները գտնել, հետաքրքրական պատմութիւններ բացայայտեցի: Նախ`այո, անոնք ալ կը հրաժարին խօսիլ: Կին մը կար, անունը Անահիտ: Կ’ըսէր. «մօրս մասին ոչինչ չկայ խօսելու: Դուրս ելէք իմ տունէս, իմ մայրս դաջուած չէր»: Եւ զիս ու իր ազգականը, որ կ’ուղեկցէր ինծի, ուղղակի դուրս վռնտեց: Մէկ այլ պատմութիւն. ամբողջ կեանքի ընթացքին մայրը ոչինչ չէ ըսած, բայց բոլորը զգացած են, որ ահաւոր բան մը պատահած է: Կնոջ մահանալէն ետք անոր որդին, որ Քալիֆորնիայի թատրոնի նշանաւոր դէմքերէն է, մօր յուղարկաւորութեան ժամանակ ամենատարեց ազգականներէն մէկէն իմացած է իրականութիւնը: Տարէց ազգականը արտասուելով ըսած է. “վայ, վայ քեզ ինչ եղաւ, 4 երեխայ ունէիր, կորսնցուցիր եւ անապատի մէջ թաղեցիր, յետոյ երկու երեխայ ունեցար, ձգեցիր փախար, իսկ այստեղ ունեցածդ երեխաները չկրցար գրկել”: Որդին կը զարմանայ. «որո՞ւն մասին կը խօսիս, իմ մօ՞րսր»: Զաւակները, փաստօրէն, չէին իմացած, որ իրենց մայրը 4 երեխայ ունեցած է, յետոյ ամուսնացած է երկրորդ անգամ, ապա` փախած ու հասած է Ամերիկա: Պատմութիւնները շատ են եւ կը խօսին այն մասին, թէ ինչքան խոր է այս երեւոյթը` բռնաբարութիւններ, պարտադրուած ամուսնութիւններ ու երեխաներու ծնունդներ, որ տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ: Այս խնդիրը Թուրքիայի մէջ ալ կայ: Այն գիրքերը, որ վերջին տարիներուն լոյս տեսած են Թուրքիոյ մէջ, ծեր կանանց մասին, այդ մասին են: Խառնամուսնութիւններու ծնունդ երեխաները իրար ընդունելու խնդիր ունին, կամ իսլամացած հայերը հիմա հա՞յ են, թէ՞ ոչ:

– Վէրքը որքան ալ բուժես, սպին կը մնայ եւ կը յիշեցնէ վէրքի մասին:

-Այո, մարդ մը, որուն մայրը պատմած էր տեղի ունեցածի մասին, քաջութիւն ունեցաւ Թուրքիայի իր եղբօր հրաւիրել Ամերիկա: Կը պատմէ, որ շուրջ երկու շաբաթ իր բռնաբարուած մօր երեխան մնացած է իր տունը: Երկու շաբաթուան ընթացքին ոչ մէկ բառ չեն խօսած, որովհետեւ չէին գիտեր, թէ ուրկէ պէտք է սկսին:

Այսինքն` Ցեղասպանութեան հարցը միայն մէկ հարուածով, քաղաքական մէկ որոշումով վերացնելու խնդիր չէ: Իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ցաւ կայ, այդ ցաւը դեռ մեր մէջ է եւ վերականգնուելու խնդիր ունինք:

– Շարժանկարի ընթացքին կը մտածէի՞ր , որ սկսածդ թեման դարձեալ պիտի «հայկականանայ»:

– Սկիզբը չէի մտածեր, իսկ յետոյ, երբ աւելի ծանօթացայ խնդիրին, աչքիս առջեւ ունենալով մեծ մօրս կերպարը, կը փորձէի չմտածել ամենավատի մասի: Ինքզինքս կը համոզէի` տարած, աշխատցուցած են, սպասուհի եղած է: Սակայն վատագոյնը չսպասելով` ստացայ վատագոյնը: Յիշեցի, որ մանկութեանս տարիներուն մեր տունը շշուկով կը խօսէին նաւի մասին, նաւի վրայ եղած երեխայի մասին: Յետոյ պարզուեցաւ, որ նաւի վրայ մեծ մաման եւ անոր քոյրը բռնաբարուած են 12 տարեկան հասակին: Հաւանաբար մեծ մայրս այդ մարդէն երեխայ ունեցած է: Եւ սա գիրքի մէջ գրուած պատմութիւն չէր, իմ ընտանիքիս, իմ արեանս պատմութիւնն էր, եւ մենք շոքի մէջ էինք երկար ժամանակ: Ի վերջոյ, բռնաբարուած կնոջ վիրաւորանքը միշտ կը մնայ եւ կը փոխանցուի աղջկան, թոռնիկին: Մինչ նաւ նստիլը, տատիկս, որ շատ գեղեցիկ երեխայ եղած է, երեսը մոխիրով պատած է, աղտոտած է հագուստը, որ ուշադրութիւն չգրաւէ: Իսկ դաջուածքը, որ գլխաւորաբար կ’ըլլար Տէր-զօրի անապատներու մէջ, ստրկութեան նշան էր, որ այդ կինը կը պատկանի ցեղախումբի մը, եւ ոչ ոք իրաւունք չունի անոր մօտենալու: Բայց պատմութիւն մըն ալ կայ: Նաւով քիւրտեր նաեւ ճանապարհորդած են: Անոնց երեխաներէն մէկը վախցած է դաջուածքներով կիներէն, սակայն երեխայի հայրը, բռնելով անոր ձեռքը, մօտեցուցած է անոնց ու ըսած. «այս կանայք հայ ժողովուրդի հերոսներն են: Այս կանայք հայ ժողովուրդին նոր ծիլեր տուողներն են»: Եւ այս կանանց վրայ մենք ինչքան բեռ դրած ենք` իբրեւ քաղաքականութիւն: Եւ եթէ կարդանք այդ ժամանակներու մամուլը, կը հնչեն խօսքեր հայ կիները մաքրագործելու, բիւրեղացնելու մասին, որպէսզի անոնցմէ ետք անոնք հայ ժողովուրդին նոր ծնունդ տան:

– Հիմա երբ շարժանկարը աւարտած ես, ի՞նչ զգացում ունիս:

– Տպաւորութիւն է, որ երեխադ ծնած է, բայց դեռ ձեռքդ չէ: Յաճախ կը մտածեմ` որո՞ւն համար ըրած եմ, ինչու՞ : Բայց ժամանակն է, որ մենք Ցեղասպանութեան թեման ներկայացնենք այն տեսանկիւնէն, որ այսօրուան աշխարհը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ: Օրինակ` կենտերային խնդիրը, որուն մասին ամբողջ Եւրոպան կը խօսի: Շարժանկարը պէտք է հետաքրքրութիւն յառաջացնէ, ինչ որ բան տայ, սորվեցան, հաճելի ըլլայ եւ այլն, եթէ անոնք չկան, կը նշանակէ, որ շարժանկարը ընդհանրապէս չէ եղած: Եթէ մարդոց սրտին, յոյզերուն չդիպչի, կը նշանակէ անիմաստ է: Հայը, շուէտացին, արաբը, քիւրտը, ինչու չէ, նաեւ թուրքը պէտք է տեսնէ նմանութիւն իր խնդիրի հետ: Կարեւոր չէ` Ցեղասպանութիւն վերապրած ըլլայ, կրնայ ընտանեկան տրամա ըլլալ, եւ այդ գաղափարը իր մէջ անուղղակիօրէն ցեղասպանութեան զգացողութիւն յառաջացուցած ըլլայ:

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ