Պերքթայ՝ Ցեղասպանութեան արխիւներու մասին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի կայքը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին արձագանգ կը հանդիսանայ «Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրատարակուած ամերիկեան փաստաթուղթի մը, որ կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն։

Ինչպէս քանի մը ամիս առաջ հաղորդած էինք, ըստ երեւան հանուած ամերիկեան գաղտնի փաստաթուղթի մը, պատմաբան Հալիլ Պերքթայ ամերիկացիներուն ըսած է, որ Օսմանեան արխիւներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը երկու անգամ մաքրագործուեցան։

Յիշեալ փաստաթուղթը, որ մաս կը կազմէ «Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած 250 հազար նամակներու ու տեղեկագիրներու, գրի առնուած է Պոլսոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Տէյվիտ Արնեթի կողմէ։

«Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու օսմանեան արխիւները» խորագրեալ այս փաստաթուղթին մէջ օրակարգի եկած է այն հարցումը, թէ Օսմանեան կայսրութեան արխիւները պակասաւո՞ր են, թէ ամբողջական։ «Սապանճը» համալսարանի դասախօսներէն պատմաբան Հալիլ Պերքթայ, որ արդէն ընդհանրապէս դէմ կու գայ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութեան, ըսած է, որ օսմանեան արխիւները երկու անգամ մաքրագործուած են. առաջինը՝ 1918ին, երբ Պոլիսը գրաւուեցաւ անգլիացիներու կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Թուրքիոյ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի շրջանին։

Պերքթայ դիտել տուած է, որ Թուրկուտ Էօզալի շրջանին, Էօզալ արխիւները բացած է խումբ մը թուրք դիւանագէտներու ու քաղաքագէտներու առջեւ, որոնց միջեւ կը գտնուէր հանգստեան կոչուած դեսպան Մուհարեմ Նուրի Պիրկի։ Պիրկի, որ մի առ մի քննարկած է արխիւին փաստաթուղթերը, աւելի վերջ իր մէկ բարեկամին խոստովաներ եւ ըսեր է. «Իրաւ ալ կոտորած ենք հայերը»։

Բայց բազմաթիւ պատմաբաններ կը պնդեն, որ Հալիլ Պերքթայի այս պնդումը սխալ է, որովհետեւ փաստաթուղթերը զանազան տեղեր ունին իրենց կրկնօրինակները, ուստի դիւրին չէ մէջտեղէն վերցնել զանոնք։

Հալիլ Պերքթայ այս հրապարակումէն ետք բացատրութիւն տուած է «Թարաֆ» թերթին։ Ան պատմած է հետեւեալը.

«2004 թուականի Յունիսին, Տէյվիտ Արնեթ ուզած էր խօսիլ հետս ու ես զինք հրաւիրեցի համալսարանի գրասենեակս։ Ասիկա բնական է, որովհետեւ դիւանագէտները շարունակ կը խօսին զանազան անձերու հետ։ Արնեթ ուզած էր, որ ես պատմէի այն, ինչ գիտէի Հայկական Հարցին մասին՝ որպէս պատմաբան։ Երկար խօսեցանք, եւ երբ ան հարցուց, թէ Օսմանեան կայսրութեան արխիւները ամբողջակա՞ն են, ես յիշեցուցի, որ ուրիշ արխիւներ ալ կան. կայ սպայակոյտի նախագահութեան արխիւը, զինուորական պատմութեան արխիւը, եւ այլն։ Երբ Արնեթ հարցուց, թէ ասոնց մէջ մաքրագործում մը կատարուեցա՞ւ, ես ըսի, որ միայն երկու գլխաւոր պատահարներ գիտեմ. առաջինը՝ Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, երբ իթթիհատականները խոյս կու տային՝ գիտնալով, որ Հայկական Հարցին պատճառաւ պիտի պատժուին, ոչնչացուցին մեծ թիւով փաստաթուղթեր։ Երկրորդը՝ Թուրկուտ Էօզալ ուզեց, որ բացուի վարչապետարանի օսմանեան արխիւները ու խորհրդակցութեան հրաւիրեց կարգ մը պատմաբաններ։ Միայն յայտնի է, որ երեք անձեր նախապէս քննարկեցին արխիւները, եւ ասոնցմէ մէկն էր Նուրի Պիրկի, որ գրասէր մարդ էր եւ որ աւելի վերջ բարեկամներու պատմեր է, թէ իրա՛ւ ալ կացութիւնը շատ լուրջ է, որովհետեւ իսկապէս կոտորածներ կատարեր ենք»։

http://asbarez.com/arm/109609/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ