Խումբ մը հայ զբօսաշրջիկներ Կարսի մէջ այցելած են հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի, այսպէս կոչուած, տունը:
30է աւելի հայ զբօսաշրջիկներու այցելութեան ընթացքին ուղեկցած է հայ քահանան: Տունը ուսումնասիրելէ եւ լուսանկարուելէ ետք հայերը աղօթած են:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած էր տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն Չարենցի` Կարսի մէջ գտնուող հայրական տունը վաճառքի հանուած է աստղաբաշխական գինով:
Սակայն յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարեց, որ Չարենցի հայրական տունը այլեւս գոյութիւն չունի եւ Կարսի մէջ զբօսաշրջիկները կը խաբեն` ցոյց տալով տարբեր տուներ:
14.09.11
Tert.am
Leave a Reply